Պաքուն յոյս ունի մօտ ապագային խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ կայացնելու՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտօնեաներու միջեւ։
Այս մասին Էսթոնիայի հանրային հեռուստատեսութեան (ERR) տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկովը։
Անոր խօսքով, հաղորդակցութիւններու բացումը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացի անբաժանելի մասն է։
«Բանակցութիւններու հիմնական ուղղութիւնը խաղաղութեան համաձայնագրի բովանդակութեան համաձայնութիւնն է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ:
Այն կ՚ուրուագծէ ապագայ աշխարհի բոլոր հիմնական յարաչափերը, ներառեալ հաղորդակցութիւններու վերականգնումը: Բացի հիմնական ուղիէն, կայ եւս երկուքը՝ հաղորդակցութիւններու բացում, ինչպէս նաեւ սահմանագծում՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի հետագայ սահմանազատմամբ»,- ըսած է ան։
«Մենք յոյս ունինք, որ մօտ ժամանակներս տեղի կ՚ունենայ բանակցութիւններու հերթական փուլը, եւ այդ խաղաղ համաձայնագրի նախագիծի քննարկումը, որ, ի դէպ, կազմուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ առաջին անգամ ներկայացուած է Հայաստանին աւելի քան մէկ տարի առաջ։
Համաձայնագրի բովանդակութեան շուրջ ֆիզիքական բանակցութիւններու բացակայութեան պարագային երկու կողմերու միջեւ պիտի շարունակուի նախագիծերու փոխանակումը, այսինքն՝ կողմերէն իւրաքանչիւրն այդ համաձայնագրի հերթական նախագիծին պիտի ներկայացնէ իր մեկնաբանութիւններն ու ուղղումները»,-նշած է ան։