image

Պաղտատի մէջ. Առաջնորդական Պատարագ Ս. Յովհաննու Կարապետի Ծննդեան Տօնին

Պաղտատի մէջ. Առաջնորդական Պատարագ Ս. Յովհաննու Կարապետի Ծննդեան Տօնին

Օրերս, Յովհաննէս Մկրտիչի Ծննդեան Տօնին առիթով, Իրաքի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցած է Պաղտատի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։

Երեքշաբթի օր,  Յունուարի 14ին,  Յովհաննէս Մկրտիչի Ծննդեան Տօնին առիթով,  Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ.  Տ. Օշական Եպս.  Կիւլկիւլեանը Սուրբ Պատարագ մատուցանեց և յաւուր պատշաճի քարոզեց Պաղտատի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։

Յընթացս Սուրբ պատարագին, կատարաուեցաւ Հարիսայի օրհնութիւն։ Այս առիթով Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց և օրհնեց Կարապետ անունով  հայորդիները:

Յետ պատարագին և ըստ սովորութեան,  Ծերանոցի  Խնամակալ Յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հարիսան, որպէս սիրոյ ճաշ`  հաւատացեալներուն հրամցուեցաւ: 

Առաջնորդարանի  Տեղեկատուական գրասենեակ