Կիրակի, 16 Հոկտեմբերին, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագի աւարտին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ներկաներու «Փաշալեան» սրահ ուղղուելյն ետք, ուր ճաշի պատրաստութիւններ կատարուած էին, Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան յայտարարեց, որ Օրիորդ Ազատուհի Զարուկեան Ի յիշատակ իր ծնողաց՝ Գեղամ եւ Նեկտար Զարուկեանի, եւ եղբայրներուն՝ Արտաշէսի ու Յարութիւնի, կատարած էր չորս միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ։
Տէր Մեսրոպ բացատրեց, թէ Անցեալ Մայիսին, ան բարերարուհիէն հեռաձայն մը ստացած էր՝ այցելութեան խնդրանքով։ Այցին ընթացքին, եկեղեցականը վերահասու դարձած էր օրիորդ Զարուկեանի փափաքին՝ կարեւոր գումար մը նուիրելու Սուրբ Լուսաւորիչին՝ բարեսիրական եւ կրթական նպատակներուն։ Յաջորդող ամիսներուն ընթացող խօսակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, գոյացած էր համաձայնութիւնը։ Սակայն, Սեպտեմբերի կէսերուն էր, որ Տէր Հայրը, օրդ. Ազատուհին եւ իր զարմիկը՝ պրն. Միքայէլ Ստեփանեան այցելած էին դրամատունը՝ գումարին փոխանցման համար, ու պարզուած էր նուիրատուութեան բուն տարողութիւնը։
Տէր Հայրը յայտնելց , թէ այժմ յատուկ յանձնախումբ մը կը զբաղի մայր գումարը՝ 4 միլիոն տոլարը, լաւագոյն ներդրումով ապահովելու գործով։ Երկրորդ յանձնախումբ մը պիտի կազմուի շուտով, որ պիտի նուիրուի անձեռնմխելի գումարէն բխծած եկամուտները բաշխելու հարցերով։
Օրիորդ Ազատուհի Զարուկեանի փափաքով, գումարը պիտի յատկացուի բարեսիրական եւ կրթական յատուկ նպատակներու։ Բարերարուհին մօտէն կը հետեւի այս կարեւոր աշխատանքներուն։
Սրբազան Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի պատգամէն ետք, Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան օր. Զարուկեանին յանձնեց յուշանուէր մը եկեղեցւոյ կողմէ՝ ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն տակ։