Համագումարը եզրափակուած է մեծարման հանդիսութեամբ մը, որու ընթացքին Կիտանեան եւս պարգեւտրուած է, առ ի գնահատանք զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնին գտնուելու ընթացքին՝ Լիբանանի եւ արաբական շատ մը երկիրներու միջեւ զբօսաշրջային համագործակցութեան կապերը ամրապնդելու ջանքերուն:
Օմանի մէջ, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախկին նախարար ՀՅԴ անդամ՝ Աւետիս Կիտանեան պարգեւատրուած է:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Կիտանեանի դիմատետրի էջէն:
Լիբանանահայ գործիչը օրերս Օման կը գտնուէր, մասնակցելու «Զբօսաշրջութեան եւ մշակութային ժառանգութեան արաբական երկրորդ համագումար»ին, որ կայացած էր 24,25 յուլիսիսն, «Զբօսաշրջութեան արաբական տեղեկատուական կեդրոնի» հրաւէրով:
Համագումարը եզրափակուած է մեծարման հանդիսութեամբ մը, որու ընթացքին Կիտանեան եւս պարգեւտրուած է, առ ի գնահատանք զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնին գտնուելու ընթացքին՝ Լիբանանի եւ արաբական շատ մը երկիրներու միջեւ զբօսաշրջային համագործակցութեան կապերը ամրապնդելու ջանքերուն:
Կը նշուի, որ նախարարի իր պաշտօնավարութեան ժամանակամիջոցին Աւետիս Կիտանեան հանդիսացած է աշխոյժ եւ աշխատասէր նախարար մը:
Յիշեցնենք, որ Կիտանեան այժմ անդամ է Արաբական Զբօսաշրջութեան գործակալութեան խորհրդատուներու խորհուրդին։