Հայաստանն ու Իրանը կը նախատեսեն կայացնել բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններ՝ քննարկելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ուղղութեամբ արձանագրուած առաջընթացը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան հարցերը։ Ըստ իրանեան Mehr լրատուական գործակալութեան՝ յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։
Անոր խօսքով՝ Թեհրանը մշտապէս կը պահպանէ սերտ ու կառուցողական կապեր Հարաւային Կովկասի իր հարեւաններու՝ յատկապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։ Ան ընդգծած է, որ Իրանը կը կարեւորէ բարիդրացիութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները եւ հետեւողականօրէն կապի մէջ կը մնայ այդ երկիրներուն հետ՝ արձագանգելով տեղի ունեցող զարգացումներուն, յատկապէս այն պարագաներուն, երբ ատոնք ուղղակի կամ անուղղակի կ՚առնչուին Իրանին։
Հայաստանի մասին խօսելու ժամանակ Պաղային նշած է, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին արդէն որոշ ժամանակ, եւ այդ նոր թեմայ չէ։ Անոր խօսքով՝ նախորդ քննարկումներու ընթացքին երկու կողմերուն ալ յորդորած են արագցնել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը, քանի որ Թեհրանը համոզուած է, որ այդ փաստաթուղթը կրնայ դառնալ շրջադարձային քայլ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման համար Հարաւային Կովկասի մէջ։
Պաղային յայտնած է, որ օգոստոս 12-ին Իրանի եւ Հայաստանի պաշտօնեաներու միջեւ պիտի կայանան բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններ՝ ընթացիկ զարգացումներու շուրջ աւելի յստակ պատկերացում ձեւաւորելու եւ հայկական կողմի հետ բաժնեկցելու Իրանի գնահատականներով ու մտահոգութիւններով։
Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններու միջեւ փաստաթուղթերու ստորագրումէն յետոյ իրանցի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ հանդէս եկած են յայտարարութիւններով՝ արտայայտելով Թեհրանի մտահոգութիւնները։