Աստուած անոր 20 տարուայ կեանք շնորհեց ու 20 երկվայրկեանուան մէջ վերցուց այն: Մահանալէն օրեր առաջ Գոռ Թումանեանը Վարանդայի առաջնագիծին հօր կողքին երգեց կեանքի ու կռուի երգը: Այդ եղաւ Հայաստանի պետական քոնսերուաթորիայի ուսանողի վերջին ելոյթը. ամէն մէկ բառը ապրուած, ամէն մէկ մեղեդին մարմնի իւրաքանչիւր բջիջով անցած:
Ձայնամարզութեան առաջին ուսուցչուհին մայրն էր: Պարիթոն երիտասարդի ձայնը ձեւաւորուած էր. ու արդէն պասի բաժիններ կը կատարէր. Հայաստանը շուտով պիտի ունենար իր Տմիթրի Հվորոսթովսկին, բայց դասական բեմերը չհասցուցին տեսնել խոստումնալից ապագայով արուեստագէտը: Տղան ալ չհասցուց ձայնագրել Շուպերթի սերենատն ու այն նուիրել իր սիրելիին: Գոռի կեանքի մեղեդին անաւարտ մնաց։
Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։