image

Նիքարակուան խզած է յարաբերութիւններն Իսրայէլի հետ

Նիքարակուան խզած է յարաբերութիւններն Իսրայէլի հետ

Նիքարակուայի կառավարութիւնը, նախագահ Տանիէլ Օրթեկայի կարգադրութեամբ, սկսած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու խզումը, յայտարարած է երկրի փոխնախագահ Ռոսարիօ Մուրիլիօն։

«Մեր նախագահը Արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնարարած է իրագործել խորհրդարանի խնդրանքը եւ սկսիլ Իսրայէլի ֆաշիստական եւ ցեղասպան կառավարութեան հետ յարաբերութիւններու խզման գործընթացը»,-ըսած է ան։