Այս կիրակի ես շատ լաւ չեմ ... Չէ , մի վախնաք, քորոնա չեմ։ Այդ հիւանդութեան երեք պատուսաստները արդէն ստացած եմ բայց այս մէկը կարծես թէ աւելի գէշ է։ Չեմ գիտեր ինչ է , թռչունի՞ է , կովու՞ է թէ խոզի՞ է ... Եթէ միս ըլլար ոչխարինը կը նախընտրէի բայց այս մէկը ուտուելիք բան չէ....
Ազգիս ու պետութեան հիւանդութիւնները կարծես թէ քիչ էին ինծի վրան ալ հիմա սա կրիփը... Չէ , չեմ դիմանար, քիչ մը շատ եղաւ.... Պիտի երթամ բողոքեմ ։
Գլուխս բարձին կը դնեմ, վեր կ' ելլեմ ու դուռը կը զարնեմ։
Անմիջապէս կը բանայ ու ով ըլլալս կը հարցնէ ։
_ Հայ եմ, կը պատասխանեմ ։
_ Հա՞յ ... Կը զարմանայ , ուրկէ՞ կու գաս։
_ Լիբանանէն կու գամ , կը պատասխանեմ։
_ Հա՞յ ես ու լիբանանէն կու գաս... Այս ի՞նչ դժբախտութիւն է , կ'ըսէ ու քահ , քահ , խնդալու կը սկսի... Ինչո՞ւ քովս եկած ես , ի՞նչ կ'ուզես ինձմէ։
_ Եկած եմ ստուգելու արդեօք դուն կա՞ս թէ չկաս...
_ Ես կամ, միշտ կամ... Բայց միթէ դուք ալ մինչեւ հիմա դեռ կա՞ք ... Ու աւելի բարձրաձայն ծիծաղելու կը սկսի...
Անմիջապէս փախուստ կու տամ ու գլուխս բարձէն կը հանեմ....
Սարսափելի երա՞զ էր թէ արդեօք իրականութիւն էր...
Արդեօք սխալ յա՞րկ ելած էի, թերեւս քիչ մըն ալ վեր պէտք էր ելէի....
Արդեօք ինքն էր , Աստուա՞ծ էր , թէ մէկն էր որ ինքզինք Աստուած կը կարծէր....
Հարցեր որոնց պատասխանը փնտռելու համար ի զուր տեղ վեր կ'ելենք ու յարկէ յարկ կը թափառինք...
Մինչդեռ ոչ միայն վեր ելելու կարիքը չկայ այլ նման հարցերով զբաղելու ի՞նչ կարիքը կայ...
Որքան նման հարցերու մէջ մխրճուինք, այնքան աւելի հիւանդի տեղ պիտի դրուինք... Մինչդեռ այնպէս մը պէտք է ընենք, որ նախ մարդու տեղ դրուինք ...
Որպէսզի Նախքան վեր ելլենք ու զԱստուած փնտռենք, նախ եւ առաջ վարը մարդ գտնենք։