2022 թուականի 6 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի 11-րդ նիստը:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն:
Կողմերն ընդգծած են Ռուսիոյ Դաշնութեան դրական դերը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ ջանքերու գործադրման հարցով:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են երեք երկիրներուն միջեւ եւ տարածաշրջանին մէջ երկաթուղիի կառուցման, երկաթուղային հաղորդակցութեան զարգացման եւ փոխադրութիւններու կազմակերպման վերաբերող հարցեր:
«Կողմերը կը շարունակեն աշխատել Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան ղեկավարների` տարածաշրջանում տրանսպորտային (փոխադչութեան) եւ տնտեսական կապերի ապաշրջափակման վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւնների իրականացման ուղղութեամբ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպումը կազմակերպած եւ հիւրընկալած է ռուսական կողմը: