image

Մոսկուայի մէջ կարեւոր հանդիպում

Մոսկուայի մէջ կարեւոր հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ մասնակցած են եռակողմ աշխատանքային խումբի նիստի:

20 Հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ կողմերը հանդիպած են Եռակողմ աշխատանքային խումբի 8-րդ նիստի առաջին մասի ծիրին մէջ, որու ընթացքին դիտարկուած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարները, եւ քննարկուած է Հայաստանի վարչապետին, Ռուսաստանի նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահին 11 Յունուար 2021-ի յայտարարութեան շրջանակներուն մէջ իրականացուող աշխատանքի հետագայ ընթացքը:

Կողմերը պայմանաւորուած են մօտակայ ժամանակներուն կատարել 8-րդ նիստի երկրորդ մասը: