Մոսկուան դժգոհ կողմերու անզիջողութենէն. Զախարովա

Մոսկուան դժգոհ կողմերու անզիջողութենէն. Զախարովա

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ամենաշաբաթեայ ճեպազրոյցին, անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին, նշած է, որ ռուսական կողմի մօտ կ'աւելնայ անհանգստութիւնը՝ կապուած թշնամական հռետորաբանութեան սրման, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջադէպերու թիւի աւելացման եւ կողմերու՝ Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման հարցով փոխզիջումներուն պատրաստակամ չըլլալու հետ:

«Խաղաղութեան գործընթացը այլընտրանք չունի: Մենք այս հարցով վճռական ենք ու կը վերահաստատենք մեր դիրքորոշումը: Կողմերուն կոչ կ'ընենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու յայտարարութիւններուն, գործողութիւններու մէջ, վերականգնելու բանակցութիւնները հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման բոլոր, այդ շարքին՝ փոխադրային ուղիներու ապաշրջափակման, սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման, հասարակական գործիչներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ հանդիպումներու կայացման ուղղութիւններով», -ըսած է Զախարովան: