«Ոչ թէ առեւանգել էին, այլ մոլորուել էի». 24news–ի հետ զրոյցին ըսած է պայմանագրային զինծառայող Մարտիրոս Գիւլամբարեանը, որ անհետացած էր մարտ 21-ին Սիւնիքի մարզի Վերիշէն բնակավայրէն ոչ հեռու գտնուող տարածքին մէջ։ Նշենք, որ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, թէ անոր ատրպէյճանցիներն առեւանգած են։
Լրատուամիջոցի հետ զրոյցին Գիւլամբարեանը ներկայացուցած է իր մոլորուելու մանրամասները։
Անոր խօսքով` խիստ մառախուղի պատճառով իր վարած «Կամազ» մակնիշի մեքենայով յայտնուած էր ատրպէյճանական դիրքերու մօտ։
«Տեսայ որ 4 հոգի մօտենում են մեքենային, ֆռացի, դուրս եկայ միւս դռնով։ Մի դուռը բացել են, ես միւս դռնով իջել-անցել եմ նրանց թիկունք»,– պատմած է պայմանագրային զինծառայողը։
Անոր խօսքով` ամբողջ գիշեր լուսարձակներով եւ ԱԹՍ–ով փնտռած են իրեն, սակայն յաջողած է թաքնուիլ։ Չնկատուելու համար պառկած է գետնին եւ ձիւնով ծածկուած։ Ինք յաջողած է ատրպէյճանցիներու կողմէ վերահսկուող տարածքներէն դուրս գալ, բայց բեռնատարը անոնց մօտ մնացած է, հրաժարած են վերադարձնել։
Մարտիրոս Գիւլամբարեանի տեղեկութիւններով` ռուսական կողմի միջնորդութեամբ բանակցութիւններ կ'ընթանան։