image

Միշտ հայկական ձեռքերով... Պիտի գործէ Քեսապի ճոպանուղին

     Միշտ հայկական ձեռքերով... Պիտի գործէ Քեսապի ճոպանուղին

Սուրիոյ մէջ տիրող տնտեսական շրջափակման հետեւանքները  խիստ ձեւով կ'արտայայտուին Սուրիոյ նշանաւոր հանգստավայրերէն հայաշատ Քեսապի մէջ։

Հակառակ շրջանին մէջ տիրող  խաղաղ իրավիճակին ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խիստ ռեժիմը, վառելանիւթի պակասն ու այլ խնդիրներ կը շարունակեն արգելք դառնալ, որ շէնշող ամառանոց վերադառնայ իր երբեմնի փայլին։ 

Այս բոլորէն անդին սակայն, վերջերս, Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ յուսալի նախագիծի մը բացումն ու աշխատանքի սկիզբը: Ծնունդով քեսապցի, Լաթաքիա բնակող եղբայրներ Վահան եւ Ճօրճ Պետուրեաններ հիմը դրին Սուրիոյ տարածքին եղող առաջին ճոպանուղին (թէլէֆէրիք)։

 «Արեւելք»ի Քեսապի թղթակիցին խօսելով Տիար Վ. Պետուրեան կ'ըսէ, թէ այս ծրագիրը 2010-էն գոյութիւն ունէր, սակայն պատերազմի պատճառով այն յետաձգուեցաւ, իսկ երբ թրքական ահաբեկչկան խումբերը ներխուժեցին Քեսապ, նախապէս պատրաստուած բոլոր հիմնական աշխատանքը քանդեցին եւ արժէքաւոր իրերը գողցան: 

«Հիմա ուժերը հաւաքելու եւ կիսատ գործը աւարտելու ժամն է», ժկ'ըսէ Պետուրեան,- եւ կը նշէ, թէ այս ծանր իրավիճակը, որ խորապէս ազդած է Քեսապի զբօսաշրջութեան վրայ ունի ժամանակաւոր բնոյթ։

Ան նաեւ յոյս կը յայտնէ որ մօտ ապագային ամէն ինչ պիտի դառնայ իր բնական հունին եւ Քեսապը դարձեալ պիտի ընդունի թիւով զբօսաշրջիկներ։ 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Միջին Արեւելեան կտրուածքով Լիբանանի մէջ գտնուող Այնճար հայաւանէն բացի, Քեսապ դարաւոր գիւղաքաղաքը կը շարունակէ ունենալ իր ուրոյն դիրքը ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ ամբողջ հայութեան համար։