ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ օրերս աշխատանքային այցով կը գտնուի Նիւ Եորք, հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատին հետ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Սուրիոյ «ՍԱՆԱ» գործակալութենէն:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հանդիպման ընթացքին երկու պաշտօնեաները քննարկած են Հայաստան-Սուրիա փոխյարաբերութիւնները եւ նաեւ նշած, որ ճիգեր պէտք է գործադրուին այդ բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները աւելիով հունաւորելու եւ արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով:
Նշենք, որ հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Սուրիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ նախկին մշտական ներկայացուցիչ, դիւանագէտ Պաշշար Ալ-Ճաաֆարին: