image

Միրզոյեան Աստանայէն. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը բեկումնային   կրնայ ըլլալ»

Միրզոյեան Աստանայէն. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը բեկումնային   կրնայ ըլլալ»

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը բեկումնային պիտի ըլլայ, Աստանայի մէջ ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, յայտնած է «Sputnik Казахстан»-ը։ 

Երկար բանակցութիւններէ ետք եկած է ժամանակը ստորագրելու համաձայնագիրը եւ առաջ շարժելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու եւ տնտեսական հնարաւորութիւններ բանալու համար, ընդգծած է ան։

Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի հետ հանդիպման ընթացքին բարձրացուած են տարածաշրջանային կարեւոր խնդիրներ։ Միրզոյեանը Մուրատ Նուրթլեուին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին իրադարձութիւններն ու տուեալները։

«Ներառելով Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու մասին համաձայնագրի նախագծի հաստատումը, կայուն խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի առաջարկները՝ Հայաստանի դիրքորոշումը յստակ է. երկու պետութիւնների տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում եւ սահմանազատման գործընթացի իրականացում Ալմաթիի հռչակագրի դրոյթների հիման վրայ։ Ակնյայտ է, որ կարեւոր է նաեւ հումանիտար խնդիրների լուծումը, այդ թւում՝ անյայտ կորածների ճակատագրի պարզաբանումը եւ ռազմագերիների ու կալանաւորուած խաղաղ բնակիչների ազատ արձակումը»,- ընդգծած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը։

Մենք բարձր կը գնահատենք Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտի հետ կապուած, շարունակած է Միրզոյեանը։

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ղազախստանը հարթակ տրամադրած է հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու համար։ Իսկ պետութիւնները միասնական են անկախութեան իրենց ձգտման մէջ։

«Վստահ եմ, որ համատեղ ջանքերով մենք կը կարողանանք էլ աւելի զարգացնել եւ ամրապնդել մեր ռազմավարական ուղղուածութիւն ունեցող երկկողմ յարաբերութիւնները: Մեր փոխայցելութիւնները եւ ակտիւ շփումները ամուր հիմք են ստեղծում գործընկերութեան համար: Ուստի ուրախ եմ ձեզ հրաւիրել Հայաստան ձեզ յարմար պահին»,- նշած է Միրզոյեանը:

Երկկողմ ապրանքաշրջանառութեան ներուժը զգալիօրէն գերազանցած է նախկին ցուցանիշները։

«Մենք պայմանաւորուել ենք կրկնապատկել ջանքերը մեր երկրների կառավարութիւնների միջեւ 2024-2025թթ. առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ճանապարհային քարտէզի իրականացման, ինչպէս նաեւ Տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի անցկացման ուղղութեամբ»,- ըսած է Միրզոյեանը։

Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարի արձագանգը 

Ի պատասխան՝ Մուրատ Նուրթլեուն նշած է, որ Աստանան եւ Երեւանը համանման տեսակէտներ ունին համաշխարհային օրակարգի բազմաթիւ հարցերու շուրջ։

«Մենք մեծ նշանակութիւն կու տանք նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման»,-ըսած է ան։

«Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը լայն հեռանկարներ կը բանայ ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ տարածաշրջանի աշխարհառազմավարական զարգացմամբ հետաքրքրուած այլ երկիրներու համար», յայտարարած է Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարը։

Հանդիպման նշուած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է «Խորկոսի մէջ» խանութներու ցանց բանալու հարցով, իսկ հայ գործարարները կը նախատեսեն նաեւ առեւտրային տաղաւարներ կազմակերպել Ղազախստանի մարզերուն մէջ։

Իսկ 2025-ին արհեստական ​​բանականութեան ազգային կեդրոնի հիման վրայ պիտի բացուի «Թումո» ​​հայկական կրթական կեդրոնի մասնաճիւղը։

Իր հերթին, Ղազախստանը պատրաստ է ապագային Հայաստանէն ժամանած ուսանողներուն տրամադրել պաքալորիոսի եւ մագիստրոսականի կրթաթոշակներ։

Հանդիպման անոնք նաեւ յիշեցուցած են, որ ապրիլին Հայաստանի մէջ պիտի կայանան Ղազախստանի օրեր։ Ղազախստանի մէջ Հայկական մշակոյթի օրերը տեղի ունեցած են 2024-ի հոկտեմբերին։