Մեզի ըսած են, որ այսօր մինչեւ երեք պէտք է պատասխան տան։ Այս մասին լրագրողներուն ըսաւ Դատախազութեան մօտ բողոքի հաւաք կատարող զոհուած զինծառայողի հայրը:
«Մենք այսօր պահանջելու ենք մինչեւ վերջ, որ մեր պահանջը բաւարարեն եւ մեզ ճանաչեն որպէս տուժողի իրաւայաջորդ։ Մենք կը ստիպենք, որ մեզ ճանաչեն, ուրիշ տարբերակ չունենք։ Մեր հերոս տղաների ձայնը պէտք է բոլորը լսեն»,-ըսաւ ան։
Անդրադառնալով, որ այսօր Քաղաքացիի օրն է զոհուած զինծառայողի ծնողը վրդովուեցաւ եւ ըսաւ, «Ի՞նչ քաղաքացու օր, քաղաքացիներին ոտնահարելով քաղաքացու օր են նշո՞ւմ»:
Զոհուածի հայրը նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է իրեն անձամբ պատասխան տայ, թէ ինչպէս 12 օր ծառայութեան մեկնած իր տղան յայտնուած է առաջնագիծ, եւ եթէ առանց զոհերու տարբերակ կար, ինչո՞ւ այդքան զոհեր տուած են:
Յիշեցնենք, որ 26 Ապրիլէն ի վեր, 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ծնողները կը պահանջեն արդար քննութիւն իրականացնել եւ պատասխանատւութեան ենթարկել վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը պատերազմի աղէտալի հետեւանքներուն համար եւ զայն ներգրաուել որպէս մեղադրեալ։