image

Միջուկային բանակցութիւններուն մէջ լաւ յառաջընթաց կայ. Իրանի ԱԳՆ

Միջուկային բանակցութիւններուն մէջ լաւ յառաջընթաց կայ. Իրանի ԱԳՆ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն յայտնած է, որ Վիեննայի մէջ Իրանի միջուկային խնդիրին շուրջ բանակցութիւնները «ճիշդ ուղիի վրայ են եւ գրանցած են լաւ յառաջընթաց»: Անոր փոխանցմամբ, «բանակցող կողմերուն միջեւ շարք հարցերու շուրջ առկայ տարաձայնութիւնները կարգաւորուած են»:

«Ամենակարեւորը այն է, որ բոլոր կողմերը համաձայն են, որ Միացեալ Նահանգները հետագային պէտք չէ դարձեալ հրաժարի հնարաւոր գործարքէ», ըսած է Խահթիպզատէ:

Իրան կը կարեւորէ հնարաւոր համաձայնութեան վերաբերեալ յստակ երաշխիքներու տրամադրումը:

Խաթիպզատէ նշած է, որ Միացեալ Նահանգները դեռ պատրաստ չէ ընդունելու Իրանի առաջարկած շարք մը գործնական գաղափարներ: Ան Ուաշինկթընին կոչ ըրած է հնարաւորինս արագ որոշումներ կայացնելու Թեհրանի հետ պահպանուող տարաձայնութիւններուն վերաբերեալ:

Թեհրանը բանակցութիւնները շարունակելու համար կը պահանջէ Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներու չեղարկում: