image

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ամուր միասնութիւն պահպանէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին. Պորել

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ամուր միասնութիւն պահպանէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին. Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել X-ի իր էջին գրառում ըրած է՝ դատապարտելով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը։

«Խիստ կերպով կը դատապարտեմ երէկ երեկոյեան Մոսկուայի մերձակայքը տեղի ունեցած սարսափելի ահաբեկչութիւնը։

Ահաբեկչութեան  թիրախը կրկին անպաշտպան մարդիկն են։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ամուր միասնութիւն պահպանէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին»,- գրած է Պորել։