Լիբանանի մէջ վաղը՝ Կիրակի օր կարեւոր զարգացումներ կը սպասուին։ Այս մասին տեղեկութիւններ շրջան կ՚ընեն ընկերային ցանցի էջերու վրայ։
Կը նախատեսուի, որ հազարաւոր ցուցարարներ վաղը ուղղուին Պէյրութի զոյգ՝ «Նահատակաց» եւ «Ռիատ Ալ Սոլհ» հրապարակները, պահանջելու, որ երկրի իշխանութիւնները արագ ժամկէտներու մէջ կատարեն իրենցմէ պահանջուածը եւ կազմեն նոր կառավարութիւն մը։
Ցուցարարները վաղուան բողոքի ցոյցին համար ընտրած «Միասնութեան կիրակի» վերնագիրը՝ նշելով նաեւ, որ իրենց համար կար ու կայ մէկ նպատակ, որն էր՝ գործող քաղաքական վերնախաւին հեռացումը։
Միւս կողմէ երկրի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի աջակիցները վճռած են մեծ թիւերով բարձրանալ Պաապտայի նախագահական պալատ՝ զօրակցելու երկրի նախագահին, որ օրեր առաջ նշեց իր նախագահութեան նստաշրջանի երրորդ տարեդարձը եւ այդ առթիւ պատգամ մը ուղղեց լիբանանցիներուն։