Յուլիս 29-ին, ժամը 08:01-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան քաղաքի Միասնիկեան պողոտայի վրայ՝ Ջրաշխարհի մօտակայքը, թիւ 42 երթուղին սպասարկող «Hyundai» մակնիշի հանրակառքը բախած է ծառին, կան տուժածներ։
Այս մասին յայտնած են ՀՀ ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն:
Դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ եւ յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական խումբը:
Պարզուած է, որ թիւ 42 երթուղին սպասարկող «Hyundai» մակնիշի հանրակառքը (վարորդ՝ Ս. Մ., ծնած 1955 թ․) բախած է ծառին․ կայ երեք տուժած։
Շտապօգնութեան աշխատակիցները վարորդը տեղափոխած են հիւանդանոց, իսկ ուղեւորներ Լ. Հ.-ն (ծնած 1969 թ.) եւ Ա. Գ.-ն (ծնած 1979 թ․) տեղւոյն վրայ ցուցաբերած են համապատասխան բուժօգնութիւն։