image

Միացեալ Նահանգներ «Հըզպալլա»ի խնդրով ճնշումներ բանեցուցած է Լիբանանի կառավարութեան դէմ

Միացեալ Նահանգներ  «Հըզպալլա»ի խնդրով ճնշումներ բանեցուցած է    Լիբանանի   կառավարութեան դէմ

«Հըզպալլա»ն նախապէս հաստատած էր իր «պատրաստակամութիւնը միջոցներու ձեռնարկելու, ներառեալ ուժայինը, ընդդէմ վիճելի ծովային տարածքներուն մէջ իսրայէլեան կազի որոնողական գործողութիւններուն:

 

Միացեալ Նահանգներ մեծ ճնշումներ  գործադրած է Լիբանանի  կառավարութեան վրայ։ Խօսքը կը վերաբերի  Լիբանանի կողմէն      Միջերկրականի ջուրերուն մէջ  տեղակայուած  իսրայէլեան «Քարիշ» կազային հարթակին ուղղութեամբ  «Հըզպալլա»ի  ԱԹՍ-ներու  արձակման Լիբանանի կառավարութեան կողմէ   քննադատելուն: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ  «Ալ  Մայատին» կայանէն:

Ամերիկեան «Axios» կայքը կը գրէ. «Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ճնշում գործադրած է Լիբանանի կառավարութեան վրայ` քննադատելու «Հըզպալլա»ի կողմէ Միջերկրական ծովին մէջ գտնուող «Քարիշ» բնական կազի հարթակ անօդաչու թռչող սարքեր ուղարկելը»:

Կայքը նշած է, որ «ԱՄՆ բանագնաց Ամոս Հոքշթայնը եւ Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Տորոթի Շիան շաբաթավերջին զրուցած են Լիբանանի բարձրաստիճան քաղաքական եւ ռազմական առաջնորդներուն հետ»:

Այս խնդրին ծանօթ աղբիւրներ ըսին, որ իրենք «անհանգստութիւն յայտնած են անօդաչու թռչող սարքի միջադէպին վերաբերեալ եւ խնդրած են Լիբանանի կառավարութեան՝ դէմ արտայայտուիլ»:

Յիշեցնենք, որ անցեալ Շաբաթ օրը «Հըզպալլա»ն յայտարարեց «վիճելի տարածքի ուղղութեամբ 3 անօդաչու թռչող սարքի գործարկումը» Քարիշի հանքավայրին մէջ, հետախուզական առաքելութիւններ իրականացնելու համար, ընդգծելով, որ «անօդաչուները կատարած են անհրաժեշտ առաքելութիւնը եւ փոխանցած են ուղերձը»:

Այդ տեղի ունեցած է այն բանէն յետոյ, երբ «Հըզպալլա»ն նախապէս հաստատած էր իր «պատրաստակամութիւնը միջոցներու ձեռնարկելու, ներառեալ ուժայինը, ընդդէմ վիճելի ծովային տարածքներուն մէջ իսրայէլեան կազի որոնողական գործողութիւններուն»: