Յամենայն դէպս, մտածումս եւ ըսելիքս այն է, որ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան նկամամբ նախատրամադրութիւններ չունենանք, չնայինք ովքե՞ր կան անոր ետին ու` ըստ այնմ կարծիք արտայայտենք: Մենք մեր անձին հետ անկեղծ ըլլանք եւ փորձենք մեր կարելին ընել նեցուկ կանգնելու գործին, անոր յաջողութեան ու յարատեւման, եւ կամ պարզապէս չէզոք ըլլանք եւ ոչ թէ ժխտական տրամադրութիւն ստեղծող:
Նման նախաձեռնութիւններն են, որ հայ գաղութն ու դպրոցը կը պահեն: Նման նախաձեռնութիւններն են, որ հայը հա՛յ կը պահեն:
Հինգշաբթի, 11 ապրիլի երեկոյեան ներկայ էի «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքի հրատարակութեան եւ «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքի 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած մրցանակաբաշխութեան-շնորհահանդէսին եւ կոկիկ ու պատշաճ յայտագիրին:
Վարձքը կատա՛ր Լիբանանի Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, որ, հակառակ մարդուժի եւ աշխատելու մթնոլորտի առումով սուր վայրէջքի վրայ ըլլալնուս, հակառակ ուղղութեամբ` զառիվեր ելլելու փորձ կ՛ընէ:
Վարձքը կատա՛ր առաջնորդ սրբազան հօր, պատգամախօսին, վկայութիւններ տուողներուն, գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցներուն, դպրոցներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն:
Վարձքը կատա՛ր Ջուլհաճեան ընտանիքին, որ 20 տարի շարունակ յարատեւ ձեւով հաւատաց այս նախաձեռնութեան կարեւորութեան եւ գործակցեցաւ, քաջալերեց եւ նեցուկ կանգնեցաւ շօշափելի կերպով:
Փաստօրէն, երբ այդ երեկոյ գիրքը թերթատեցի, նկատեցի, որ վերջին 20 տարիներու մեր գաղութի երիտասարդ մարդուժի անուանացանկ մը ունինք արդէն:
Սակայն մտածումներս զիս տարին 20 տարի առաջ, երբ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ էի, եւ այս առաջարկը ներկայացուցինք` նահատակ Մհերին ընտանիքին հետ խորհրդակցելէ ետք:
Մարդիկ սկսան քննադատել, խոչընդոտել, թերահաւատութեամբ մօտենալ, նսեմացնել, լուսարձակներէ հեռու պահելու փորձ կատարել, մէկ խօսքով` նոր ընթացք առնելիք նախաձեռնութեան դիմաց արգելքներ դնել, թափը կտրել: Մանրամասնութիւններ չեմ յիշեր, կարեւոր ալ չեն անոնք այսօր, բայց լաւապէս կը յիշեմ, որ բաւական ընդդիմադիր կարծիքներ ու կեցուածքներ կային թէ՛ նախաձեռնութեան նկատմամբ, եւ թէ անոր յարատեւման: Շատեր հարց տուին, եթէ միայն մէկ տարուան համար նախատեսուած է, կասկածի տակ առին անոր շարունակութիւնը, դիտել տուին, որ նման բան Ուսումնական խորհուրդին գործը չէ եւ այլն:
Բայց եւ այնպէս հաւատքն ու կամքը յաղթահարեցին թերահաւատութեան եւ կորովը քանդելու բոլոր փորձերուն: «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքը ստեղծուեցաւ եւ արդէն 20 տարեկան է այսօր: 20 տարի շարունակ կազմակերպուեցաւ այս մրցանքը, օրին քննադատողները, չհաւատացողները չկան արդէն: Գործին շարունակութիւնն ու յարատեւումը ջրեց ու կը ջրէ ամէն բան:
Այս երեւոյթը նաեւ կը յուշէ, որ եթէ գործողներուն եւ գործունէութեան ճամբան քիչ մը աւելի հանգիստ ու բաց ձգուի, արգելք դնողները պահ մը մէկտեղ կենան ու արտօնեն, որ աշխատանքը շարունակուի, շատ աւելի լաւը կարելի է ընել ու յաջողութեան հասնիլ: Նշանաբաններով, խօսքերով, կարծիքներով չէ, որ բան մը կրնանք մէջտեղ բերել: Իրագործումներ կ՛արձանագրուին գործով, մարդուժը համախմբելով, ոչ թէ խրտչեցնելով, ոչ թէ ծնունդէն առաջ իսկ ձախող աւարտը տեսնելով, ծրագիրները կ՛իրականանան գործը նորերուն փոխանցելով եւ անոնց վստահելով, ոչ թէ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան մասին ըսելիք ու մատնանշելիք ունենալով:
Այս առումով միտքս եկաւ այլ օրինակ մը եւս: ԱՖՀԻԼ-ի «Զգոյշ» առողջապահական պարբերաթերթը 10 տարի է լոյս կը տեսնէ ու կը հասնի լիբանանահայ ընթերցասէր լայն զանգուածի: Այս պարագային ալ անոր գաղափարի ծնունդէն, առաջին թիւի լոյս տեսնելէն անմիջապէս ետք ըսողներ եղան, որ անոր կարիքը չկայ, որ նման բան ԱՖՀԻԼ-ին հետ ինչ կապ ունի, ինչ օգուտ պիտի ունենան անիկա եւ այլն: Փաստօրէն, տասը տարի ետք կու գանք հաստատելու, որ «Զգոյշ»-ը սփիւռքահայ կեանքին մէջ առողջապահական միակ պարբերաթերթն է, որուն մէջ 10 տարիէ ի վեր լոյս տեսած յօդուածները անպայման բան մը փոխեցին մեր կեանքին մէջ:
Յամենայն դէպս, մտածումս եւ ըսելիքս այն է, որ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան նկամամբ նախատրամադրութիւններ չունենանք, չնայինք ովքե՞ր կան անոր ետին ու` ըստ այնմ կարծիք արտայայտենք: Մենք մեր անձին հետ անկեղծ ըլլանք եւ փորձենք մեր կարելին ընել նեցուկ կանգնելու գործին, անոր յաջողութեան ու յարատեւման, եւ կամ պարզապէս չէզոք ըլլանք եւ ոչ թէ ժխտական տրամադրութիւն ստեղծող:
Նման նախաձեռնութիւններն են, որ հայ գաղութն ու դպրոցը կը պահեն: Նման նախաձեռնութիւններն են, որ հայը հա՛յ կը պահեն:
Վստահ եմ, որ 20 տարի շարունակ «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքին մասնակցած իւրաքանչիւր աշակերտի մտքին ու հոգիին մէջ տեղ մը Մհերին յիշատակը կ՛ապրի, եւ անոր օրինակին ընդմէջէն այդ աշակերտները իրենք զիրենք աւելի լաւ հայ կը զգան` հպարտ, ազնիւ, համեստ, բայց վճռական: