image

«Մեծն Լիբանան»-ը, զօր. Կուրոն եւ ... հայերը

«Մեծն Լիբանան»-ը,  զօր. Կուրոն եւ ... հայերը

     Ճիշդ այսօրուան պէս Ֆրանսական բանակի զօրավարը, իր կողքին ունենալով մարոնի եւ սիւննի համայնքի պետերը, «Ալ սնոպար» պալատի աստիճաններուն վրայ կը յայտարարէր «Մեծն Լիբանանի պետութիւն»-ը (Արաբերէնով ՝ «Տաուլաթ Լուպնան ալ քապիր»)

         Կուրոյի այս քայլը, մարոնիներու կարծիքով իրենց մեծարուած Իլիաս Հուայէք պատրիարքի մեծ ճիգերուն արգասիքն էր՝ ունենալու ինքնիշխան եւ ի վերջոյ մարոնիները մէկ պետութեան յարկին տակ հաւաքող երկիր մը։

         Շրջանը ելած էր մեծ աշխարհամարտէ մը, եւ շնորհիւ Սայքս-Փիքո համաձյանագրին տեղի կ՚ունենար նոր քարտէզագրում, որուն հիմամբ ալ Սուրիան եւ Լիբանանը կը մտնէին Ֆրանսական «հովանաւորութեան» տակ։

         Կուրո, որուն մասին աւելի մանրամասն պիտի գրեմ քիչ անց, իր «Մեծն Լիբանան»-ը յայտարարելու քայլով շատ հաւանաբար կը փորձէր կարեւոր միաւոր մը կուտակել  ու  նախապատրաստել քաղաքական ասպարէզ մտնելու իր փորձերը։

         Լիբանանցիք, որոնք յոգնած էին Օսմանեան կայսրութեան բռնաճնշումներէն, յոգնած էին ու տակաւին մահացած օսմանցիի «կազմակերպած» սովէն ու «սաֆար պարլիք»-էն ի մի կու գային մարոնի պատրիարքին շուրջ եւ մէկդի դնելով բոլոր տեսակի հատուածական մօտեցումները՝ հաւանութիւն կու տային ստեղծել ֆրանսական երանգ պարունակող դրօշակ մը, որ պետութեան մը դրօշակ ունենալու ճիգէն անդին նաեւ հաւատարմութեան նշան էր «սիրելի եւ մեծն Ֆրանսային»։

         Անոնք չէին  գիտակցեր, չէ  որեւէ հոգատարութիւն, որեւէ խնամատարութիւն յար եւ նման է այլ կայսրութեան մը տակ կքելուն, գերիշախնութեան անկումին, մէկ խօսքով՝ «բռնագրաւուած» եւ անազատ երկրի մը կիսաքաղաքացիները դառնալու դրոյթին։

         Այդ պատճառով է, որ 1920 թուականի 1 սեպտեբերէն մինչեւ 1943 թուականի 22 նոյեմբերը իրենք զիրենք ճնշուած տեսած, այդ ճնշումներուն տակ ապրած ու Ֆրանսան սիրելի ու «հոգատար մայր» համարած լիբանանցիները մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնելով կը հաստատէին Լիբանանի անկախութիւնը։

         Ճիշդ է, որ ինչ որ տեղ «Մեծն Լիբանան»-ի յայտարարութիւնը կը համարուէր Լիբանանի նոր անկախութեան առաջին հիմնաքարը, ու այդ պատճառով էր նաեւ, որ Լիբանանցի պատմաբաններուն մեծ մասը դրական խօսքերով կը վերյիշեն այդ պատմական օրը՝ հաւատալով, որ եթէ Կուրոյի յայտարարութիւնը չըլլար, Լիբանան պիտի հանուէր քարտէզէն կամ ալ պիտի միացուէր Սուրիոյ ու դառնար մասնիկ մը «Մեծն Սուրիա» քաղաքական-վարչական միաւորէն։

Ամենատխուրն այն է, որ Ֆրանսացիներու կողմէ Լիբանանի  մէջ   պետականութիւն մը   կերտելու համար նախատեսուած  բոլոր քարերը ցրուեցան, որովհետեւ Լիբանանցիք չուզեցին իրենց մէջ տեսնել նոր Հուայէք պատրիարքի մը ուրուանկարը, որ կը կարողանար իր շուրջ հաւաքագրել մօտ երկու տասնեակ համայքներու «խճանկարով»-ով «հարուստ» երկրի բնակիչները։

         Մարոնիները շահագործեցին իրենց դիրքերը եւ անցան ճնշումներու։ Պետութիւնը դարձուցին իրենց «անձնական խանութ»ը եւ վարուեցան այնպէս, որ միւս բոլոր համայնքները իրենք զիրենք զգան  «աղքատ» բարեկամներ։

         Այդ մօտեցումը մասնաւորապէս ու 1948 թուականին մէջտեղ եկած «պաղեստինեան խնդիր»-ը Լիբանանը դրին արիւնալի եւ 15 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմի հունին մէջ, որ կ՚աւարտէր նոր համաձայնութեամբ մը՝ Թաէֆի համաձյանագիրը, որ ջուրի երես կը հանէր սիւննի իշխանութեան շրջափուլը։

         Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի ճիգերով ու աւելի ուշ «Հարիրիա սիասիա» անունով յայտնի շրջափուլը իր աւարտին կը հասնէր 2005 թուականին՝ Պէյրութը վերակառուցած եւ Լիբանանը արաբական արդիական նոր կեդրոն դարձուցած Ռաֆիք Հարիիի սպանութեամբ։

         Լիբանանի պատմութեան մէջ առանցային դեր ունեցած Հարիրիի իշխանութեան շիջումով Լիբանան կը մտնէր «շիաներու իշխանութեան» շրջափուլը, որ կը շարունակուէր մինչեւ անցնող 4 օգոստոսը, այսինքն՝ Պէյրութը եւ նոյնիսկ ամբողջ արաբական արեւելքը ցնցած մեծ եւ աղէտալի պայթումը։

         Շիաներու իշխանութիւնը, որ յատկանշուեցաւ բարձր մակարդակի կազմակերպուածութեամբ եւ Իսրայէլի դէմ «սրբազան պատերազմ» տանելու մեծ նշանաբնով, ներքին օրակարգին մէջ ազդեցիկ ներկայութիւն ունենալէ անդին տեղ եւ հող պատրաստեց շրջանին մէջ նոր դեր ստանձնած իրանական գործօնի ամրացման։

         «Հըզպալլա»-ն այնքան հզօրացաւ, որ սոսկ Իրանի ձեռք չդարձաւ, այլ Թեհրանի կողմէ արեւելքի համար պատրաստուող բլանները համատեղ  պատրաստուեցան ոչ միայն Թեհրանի, այլեւ «Հըզպալլա»-ի առաջին քարտուղար եւ քաղաքական- գաղափարական մեծ կերպար դարձած սեյիտ Հասան Նասրալլայի գետնափոր գրասենեակներուն մէջ։

         Հիմա հարց պիտի տանք, թէ ի՛նչ էր դրդապատճառը, որ Ֆրանսա, անտեսելով իր ներքին բաւական տարողունակ խնդիրները, կը փորձէ իր բոլոր ուժերը լարելով վերադառնալ Մերձաւոր Արեւելք, վերադառնալ անշուշտ Լիբանանի քրիստոնէական պատուհանով ու վերադառնալ այն օրերուն, որ Ֆրանսայի համար շատ կարեւոր համարուած եւ ձեւով մը վերջին քսան տարիներուն «մէկդի դրուած» Լիբանանը կը նշէ «Տաուլաթ Լուպան ալ քապիր»-ի յայտարարութեան 100-րդ տարեդարձը։

 

         Ըստ կարգ մը փորձագէտներու՝ Փարիզի համար ներկայ փուլին ամենակարեւորը լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուած կազի պաշարներն են, ուրիշներ կը խօսին, որ Էմմանուէլ Մաքրոն, որ կը դիմագրաւէ (մանաւանդ ներքին ճակատին վրայ) բաւական բարդ հիմնախնդիրներ, շրջանային դեր մը վերցնելով պիտի փորձէ իր վերընտրութիւնը ապահովել։

         Կայ  նաեւ կարծիք, թէ՝ Ֆրանսա այս «գրոհ»-ով պիտի փորձէ ամէն գնով վերջակէտ մը դնել Էրտողանի կառավարութեան նէո-օսմանեան նկրտումներուն, որոնց հիմքով ալ Թուրքիա պիտի փորձէ «ոտք շինել» լիբանանեան հիւսիսին (կեդրոնը՝ Թրիփոլի քաղաք) մէջ եւ ձեռք մեկնել իրենք զիրենք պարտուած զգացող սիւններուն: Ի դէպ,  Անգարայի կողմէ Պէյրութը «թիրախ դարձնել»-ու բոլոր մակարդակի ճիգերը պատահական չեն, որովհետեւ դեռ կը շարունակէ գործել «այն որ կը տիրէ Պէյրութին, կը տիրէ ամբողջ Արեւելքին» մօտեցումը։

         Այս բոլորը կան ի հարկէ, սակայն կարեւորն այն է, որ Ֆրանսայի այս ճիգերը հակադարձ արդիւնքներ չտան, եւ մօտիկ անցեալի դասերը չմոռցուին։

         Յիշեցման կարգով ըսեմ, որ մէկ կողմէ Լիբանանի մարոնիներուն բարիք ընելու ճիգով ճամբայ ելած ֆրանսացի յայտնի զօրավարը ոչ միայն Մուսթաֆա Քեմալի գործակիցն էր, ոչ միայն «Սեւրը ընել այնպէս, որ թուրքերը չնեղանան» ըսողներէն էր, այլ նաեւ հայկական լեգէոնը լուծարողը ու ամենակարեւորը՝ գլխաւոր պատասխանատուն 1920 թուականին Մարաշի հայերուն բնաջնջման, որովհետեւ օսմանցիք Մարաշի մէջ կրցան մեծ աւերածութիւններ ընել այն ատեն միայն, երբ, ֆրանսական ուժերը հեռացան, եւ այդ հեռացման տխրահռչակ որոշումին տակ ստորագրողն ալ նոյն զօր. Հանրի Կուրոն էր։

         Նոյնը չեն դէմքերը այսօր, բայց պատմական ընդհանուր փորձադաշտը նոյնն է, ու կը մնայ յուսալ, որ անցեալի դասերը լաւ սերտած Էմաննուէլ Մաքրոն արիւնալի յորձանուտի մը մէջ չձգէ լիբանանցիները, որոնք նոյնիսկ իր այս դրական քայլերուն հանդէպ ալ թերահաւատ հայեացքներ ունին ...

 Եւ այդ թերահաւատութիւնը մեծաւ մասամբ հասկնալի է։

                                                                                                                                  Սագօ Արեան

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...