Մեծ պայթում մը որոտացած է Թուրքիոյ հարաւը գտնուող Մարտին քաղաքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Russia Today-ը յաւելելով, որ պայթումը եղած է քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մօտ: Ըստ նախնական տոեալներու, պայթումին հետեւանքով արձանագրուած են տասնեակ վիրաւորներ: