30 օգոստոսին, ողբերգական ինքնաշարժի վթար տեղի ունեցած է Վայոց Ձորի մարզին մէջ: Այս մասին յայտնած է shamshyan.com-ը:
Ժամը 20:30–ի սահմաններուն Mercedes մակնիշի մեքենան Գետափ-Մարտունի ճանապարհի 21-րդ քմ հատուածին՝ Աղնջաձոր համայնքի վարչական տարածքին մէջ, դուրս եկած է երթեւեկելի գօտիէն, մօտ 25 մեթր մի քանի պտոյտ գլորուելով, յայտնուած է ձորակին մէջ: Վթարի հետեւանքով 6 հոգի, որոնցմէ 2-ը երեխաներ, տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Եղեգնաձոր» բժշկական կեդրոն:
Մինչ վթարի վայրին մէջ քննչական խումբը կ'աշխատէր, «Եղեգնաձոր» հիւանդանոցէն ոստիկանութեան Եղեգնաձորի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ վիրաւորներէն 3 ամսական տղան գիտակցութեան չգալով՝ մահացած է: Վթարի փաստով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, յարուցուած է քրէական գործ:
Ոստիկանութիւնն ու քննչական վարչութիւնը պարզած են վարորդի, մահացածի եւ վիրաւորներու ինքնութիւնը:
Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ վիրաւորներն ու մահացածը ընտանիքի անդամներ են՝ հայրը, մայրը, անոնց երեխաներն ու ազգականները: Քննիչի յանձնարարականով մեքենան տեղափոխուած է ոստիկանութեան Եղեգնաձորի բաժնի յատուկ տարածք: