Որեւ բանակցութեան արդիւնք կախեալ է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կատարելու կողմերու ցանկութենէն. «Մենք այսօր կը տեսնենք, որ Քիեւի իշխանութիւնները նման ցանկութիւն չունին»: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Թեհրանի մէջ՝ հակամարտութեան վերաբերեալ հարցին ի պատասխան։
«Մարտի վերջը Իսթանպուլի մէջ կայացած բանակցութիւններուն Մոսկուան եւ Քիեւը «իրապէս համաձայնութեան եկան, կը մնար միայն նախաստորագրել այն», սակայն Ուքրանիոյ կեդրոնական շրջաններէն ռուսական զօրքերու դուրս գալէն ետք Քիեւի իշխանութիւնները հրաժարեցան իրականացնել պայմանաւորուածութիւնը»,–ըսած է ՌԴ նախագահը։
Վլատիմիր Փութինն ըսած է, որ հակամարտող կողմերու միջեւ բանակցութիւններու համար միջնորդի պատրաստակամութիւն յայտնած է ոչ միայն Թուրքիան, այլ նաեւ Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որու համար Ռուսիան երախտապարտ է անոնց։