«Ազրպէյճանի գիւղ»-ին առջեւ կեցած էինք, պաստառներով ու բարձրախօսով՝ Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի դէմ ուղղելով մեր խօսքերը: Անցորդները կը հարցնէին թէ ո՞վ ենք եւ ինչո՞ւ համար հաւաքուած ենք: Ոստիկաններուն թիւը սկիզբը երկուք էր, սակայն հասաւ 30-ի: Անոնք մեզ զգուշացուցած էին, որ 200 մեթրէն աւելի չմօտենանք ցուցադրութեան վայր, կը սպառնային ձերբակալել մեզ: Ազերիական ապահովական վարձուած խումբի անդամները սկսան աւելի մօտենալ եւ ծեծելու փորձեր ընել, բայց ոստիկանները արգիլեցին: Ցոյցը նախատեսուած էր այս օրը, որովհետեւ Ալիեւի կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւա անձամբ բացումը պիտի կատարէր «Գիւղ»-ին»,-«Արեւելք»-ին յայտնեց՝ ՍԴՀԿ Փարիզի «Նազարբէկ երիտասարդական միութեան» անդամ մը, որ սեպտեմբեր 19-ին մասնակցած էր «Ազրպէյճանի գիւղ» ձեռնարկին դէմ կայացած բողոքի ցոյցին: Նշենք, որ վերջին տարիներուն, «Հէյտար Ալիեւ» հիմնարկութեան նիւթական միջոցներով՝ Փարիզի մէջ քարոզչական իրերայաջորդ ձեռնարկներ կազմակերպող Ազրպէյճան, այս անգամ ալ ինքզինք կը ցուցադրէ՝ «Ազրպէյճանի գիւղ» անունով, մայրաքաղաքին 7-րդ թաղամասի՝ Ժոֆրը հրապարակին մէջ, ամբողջ շաբաթ մը՝ սեպտեմբեր 17-էն 25:
Ուրիշ ցուցարար մը կը վկայէ. «Այսօր կ΄ուզէինք երթալ հոն, մեր ներկայութեամբ փաստելու, թէ հայերը ետ չեն քաշուիր: Ազրպէյճանը եկած էր Ֆրանսա, ինքզինք ներկայացնելու, որպէս ազատ երկիր, մարդու իրաւունքներու պաշտպան երկիր: Մեր նպատակն էր Պաքուի սուտ դիմակը պատռել ու ցոյցի ելանք որ Ֆրանսայի ժողովուրդին ցոյց տանք, թէ այն բաները, որոնց մասին կը խօսին ազրպէյճանցիները ամբողջովին սուտ են: Ֆրանսայի մէջ, հանրութեան մեծ մասը տեղեկացուած չէ եղելութեան բնոյթի մասին, սակայն տեսնողները հասկցան ինչ կը կատարուի: Ցոյցին նպատակը այդ «Գիւղ»-ը խանգարել չէր, այլ պարզապէս ցոյց տալ, որ հայութիւնը գիտէ այս բոլորը եւ փաստել, որ տակաւին արթուն ենք: Բացի «Նազարբէկ»-էն ուրիշ հայեր ալ միացած էին ցոյցին: Իբր ֆրանսահայ համայնք, մենք ամէն ջանք կը թափենք, կը մնայ սակայն, ողջ հայութեան միացումը, որ պիտի օգնէ բոլորիս»:«Մի քանի շաբաթներէ ի վեր, փարիզեան հանրակարգերու վրայ արդէն կան ծանուցումները՝ այդ «Ազրպէյճանի գիւղ» կոչուած ձեռնարկին: Պատահական չէ սակայն ձեռնարկի վայրին ընտրութիւնը: 7-րդ թաղամասի թաղապետուհին՝ Ռաշիտա Տաթի՝ Արդարադատութեան նախկին նախարարուհին, ծանօթ է նաեւ՝ Ալիեւ գերդաստանին հետ իր սերտ յարաբերութիւններով», բացայայտեց՝ Ազրպէյճանի ցուցադրական արարքներուն դէմ բողոքի այս ցոյցին մասնակիցներէն մէկը, որ նոյնպէս անդամ է «Նազարբէկ երիտասարդական միութեան»:« Արեւելք»-ին հետ իր զրոյցը շարունակելով, ան ըսաւ.- «Ֆրանսացին միշտ կը վերյիշէ, 2016-ի ֆութպոլի խաղերը, երբ ազերիները խաղադաշտերուն մէջ պաստառներ բարձրացուցին, որոնք «Ազրպէյճան՝ կրակի երկիր» գրութիւնը կը կրեն: Ազրպէյճան՝ այլ իմաստ ունի ֆրանսացիներու մօտ, քան բռնակալ երկիր կամ այնտեղ, ուր խօսքի եւ մտքի ազատութիւնը կաշկանդուած են ու լրագրողները՝ բանտարկուած»: «Նազարբէկ երիտասարդական միութիւն»-ը, հինգշաբթի օր, Ներքին Գործոց նախարարութենէն արտօնութիւն ստացաւ այս ցոյցը կայացնելու համար, բայց միայն 700մ հեռաւորութեան վրայ: «Նազարբէկ» հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած էր ամբողջ գաղութը, ինչպէս նաեւ՝ հեռախօսային, ցանցային եւ անհատական կապեր հաստատելով: «Դժբախտաբար, աշխատանքային օր ըլլալու պատճառաւ, գրեթէ 50 հոգի հաւաքուած էր: Անոնք, ոչ միայն «Նազարբէկ»-ի կամ Հնչակեան կուսակցութեան անդամներ էին, այլ մաս կը կազմէին բոլոր հատուածներուն»,- աւելցուց ան:
Ամիսներ առաջ, ֆրանսական UDE կուսակցութիւնը, որ կեդրոն աջ կուսակցութիւն կը նկատուի, առաջարկած է, որ սենատին կողմէ յանձնախումբ մը նշանակուի, որպէսզի իրաւունք ունենան Ազրպէյճան երթալ եւ անոր ծախսած գումարներուն հաշուետուութիւն մը ուզել, բայց առաջարկը մերժուեցաւ սենատի կողմէն: Ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան օրէնքին մասին, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը, յայտնեց. «Անոր ճամբան շատ երկար է: Համոզուած եմ, որ Սարքոզիի նման՝ Հոլլանտն ալ փախուստի ելք մը պիտի գտնէ, որպէսզի այդ օրէնքը չվաւերացնէ: Դժբախտաբար, բոլոր տուեալները այդ ուղղութեամբ կը տանին, բայց այսուհանդերձ պայքարը կը շարունակենք, հանդիպումները կը շարունակուին, ըլլան անոնք հասարակութեան միջոցով կամ տարբեր հանդիպումներով»:
«Մենք CCAF-ի դիւանին անդամ ենք, թէ իբր կուսակցութիւն, եւ թէ՛ իբր «Նազարբէկ ուսանողական միութիւն» CCAF կրնայ միայն կազմակերպել եւ կամ հովանաւորել: Այս ցոյցի կայացման համար CCAF տուած էր իր «օրհնութիւնը»: Մենք բաւական ուշ տեղեկացանք «Գիւղ»-ի մասին, եւ բնականաբար ուշ կոչ ուղղեցինք: Ցոյցին նպատակն էր «ժողովուրդին, որոնք 7-րդ թաղամաս կը բնակին, իմաց տալ իրենց թաղապետի «խաղերը», իրենց իսկ վճարած տուրքերով»,- դիտել տուաւ ան:
Ֆրանսական մամուլին կողմէ հայութեան եւ հայ դատի աշխատանքներուն ու Արցախի մասին նիւթերու ծրագրուած բացակայութեան մասին խօսելով, Հնչակեան երիտասարդը ըսաւ. «Աշխատանքները միայն «Նազարբէկ»-ի կամ Հնչակեան կուսակցութեան մակարդակով չեն կրնար ըլլալ, քանի որ մենք կրնանք 1-2 ծանօթ լրագրողներ ունենալ, որոնց կրնանք զանազան տեղեկութիւններ փոխանցել: Բոլոր մամլոյ ծառայութիւններուն նման կայ խմբագրական կազմ մը, որ ամէն մարդու պէս կրնայ «գնուիլ-ծախուիլ»: Այսօր AFP-ն շեղած է հայկական հարցը ճիշդ ներկայացնելէ ու այդ առումով մենք կարեւոր ընելիքներ ունինք: Ֆրանսական քաղաքական խաւին մէջ նոյնիսկ կան հակասութիւններ, թէ ինչո՞ւ պէտք է ժխտել կամ պատժել մէկը, որ կը ժխտէ հայկական ցեղասպանութիւնը: Մենք, այսօր, կ΄ապրինք ժողովրդավար երկրի մը մէջ, ուր կայ խօսքի եւ մտքի ազատութիւն: Երկու հակասութիւններ կան, միւս կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրը, որ կը շարունակուի այսօր ազրպէյճանեան-ղարաբաղեան սահմանի վրայ: Հարցը կը մնայ, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը վերլուծեն խնդիրը: AFP-ի նման մեծ նշանակութիւն ունեցող գործակալութիւն մը այսօր, իր շահերէն մղուած կ'անտեսէ լուսաբանել հայութեան հետ կապուած բոլոր խնդիրները»:
«Հայ գաղութին համար շատ կարեւոր է ունենալ քարոզչութեան իրան: Եթէ մեր քարոզչութիւնը հզօր ըլլայ, օրինակի համար «Ֆիկարօ»-ին մէջ այս ցոյցի նկարներով մէկ էջ յատկացուի, Ազրպէյճանի տարած սուտ գովազդներուն դէմ մեծ քայլ մը կ΄ըլլայ», ըսաւ «Ազրպէյճանի գիւղ» ձեռնարկին դէմ կայացած բողոքի ցոյցին մասնակիցը, եզրափակելով «Արեւելք»-ին հետ ունեցած իր զրոյցը: