Խորհրդային Միութեան բոլոր ժողովուրդներն իրենց ներդրումն ունեցան Հայրենական մեծ պատերազմի տարած յաղթանակին, եւ Ռուսիան միշտ պիտի յիշէ այդ։ Այս մասին 9 մայիսին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ ելոյթ ունենալով Կարմիր հրապարակին վրայ Յաղթանակի շքերթին։
«Շատ կարեւոր է, որ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան երկիրներու ղեկավարները այսօր հաւաքուած են այստեղ՝ Մոսկուայի մէջ, ես անոր մէջ երախտագիտութիւն կը տեսնեմ մեր նախնիներու սխրանքին, անոնք միասին պայքարեցան եւ միասին յաղթեցին»,- ըսած է պետութեան ղեկավարը։
Ան ընդգծած է, որ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ) բոլոր ժողովուրդները նպաստած են ընդհանուր յաղթանակին։
«Մենք այդ միշտ պիտի յիշենք»,- վստահեցուցած է Փութին:
Յիշեցնենք, որ Մոսկուա ժամանած են Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու գրեթէ բոլոր ղեկավարները՝ Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ղազախիստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոկաեւը, Խրխզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարովը, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Թուրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովը, Ուզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոեւը:
Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էինք՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով մեկնած է Մոսկուա՝ մասնակցելու մայիս 9-ին կատարուելիք՝ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին նուիրուած միջոցառումներուն: