Մենախօսութիւն Սիլվան Սիլվային հետ…
Օդին մէջն եմ. դէմս գտնուող պաստառը (screen) օդանաւիս դիրքը ցոյց կու տայ։ Այժմ կը թռինք հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսին վրայէն եւ բարեբախտաբար չեմ մսիր։ Չորս ժամ առաջ ինծի վիճակուած աթոռին վրայ դժգոհանքով նստեցայ: Ես ընդանհրապէս կ՚ուզեմ ծայրի աթոռը զբաղեցնել, որպէսզի ոտքերս կարենամ ազատ շարժել եւ մէկ-մէկ տեղէս ելլել ու քալել: Այսօր նստարանիս թիւը որոշող աղջկան ցանկութիւնս յայտնելու մոռցայ, որովհետեւ ուղեղս կիսով թմրած էր: Սա գլխապտոյտը կանխող դեղահատը մարդս քնկոտ ու օրօրուն վիճակի կը մատնէ: Չես գիտեր առնես՝ մէկ տեսակ, չառնես՝ տասը տեսակ:
-Մի՛ գանգատիր Սիլվա՛, եթէ այդ դեղահատը չըլլար այսօր անկարելի պիտի ըլլար ճամբայ ելլելդ: Մոռցա՞ր երկու օր առաջուայ պատահարը...: Փառք Աստուծոյ ըսէ՛ եւ տեղդ նստէ՛։
Վերջերս կ՚անդրադառնամ, որ ես իմ լաւագոյն ընկերս ու խրատատուս եմ: Ես ու ինքս համերաշխօրէն կը հաղորդակցինք եւ միշտ ալ դրական ելք մը կը գտնենք:
Հիմա նստած եմ, ձախիս սեւամորթ մըն է, որ քիչ առաջ մեծ պատրաստակամութեամբ փոքր ճամպրուկս (carry on) տեղաւորեց գլխուս վերը գտնուող պահարանին մէջ: Աջիս նստողն ալ խելօք մաքուր եւ կոկիկ հագուած երիտասարդ մըն է, որ յաճախ ուտելով զբաղած է: Սպասարկող օրիորդները անընդհատ իրեն նախուտեստ (snack) մը կու տան եւ ինք կայծակի արագութեամբ կուլ կու տայ՝ ափ մը պիստակը, աղի ցպիկները, պանիրով նկանակը: Միտքէս կ՚ըսեմ. «Երանի՜ իրեն. տակաւին երիտասարդ է եւ ինծի նման ջերմոյժներուն (calories) հաշիւը չ՚ըներ. ոչ ալ կը հարցնէ, թէ կերածը որքա՞ն ածխաջրատ (carbohydrate) կը պարունակէ: Ես դեռ քիչ առաջ ստիպողաբար կերած փասթայիս հոգը կ՚ընեմ, որովհետեւ առաջարկուած երկրորդ հնարաւորութիւնը (beef stroganoff) միսով ճաշ մըն էր եւ ես ծնած օրէս, անգիտակցաբար որոշեր եմ սեւ միս չուտել: Անցեալին՝ մանկութեան ու պատանեկութեան օրերուս, սեւ միսը մերժելուս համար շատ մեղադրուած ու յանդիմանուած եմ, բայց հիմա զիս աւելի հանգիստ կը ձգեն, որովհետեւ ինծի նման «խենթերը» շատցած են։
Բժիշկս խիստ պատուիրեց. «Երբ Լիբանան երթաս համով-համով փախլաւաները չուտե՛ս. քոլեսթերոլդ սահմանին է, նոյնպէս ալ շաքարդ (glucose level): Մազ մնացած է, որ շաքարախտ ունեցողներուն կարգին դասուիս»:
- Տօքթո՛ր, ես կը յիշեմ անցեալին, շաքարին (80-120)- ը ընդունելի ( normal range) կը սեպուէր, հիմա այդ ընդունելիին անունը փոխեցին նախաշաքարախտ (prediabetic) դրին: Յետոյ, ես շաքարէն խիստ կը զգուշանամ, ամէն օր կը քալեմ, աշխատունակ եմ, խելացիօրէն կ՚ուտեմ, բայց վերջերս սիրտս շատ նեղուած է եւ անքնութենէ կը տառապիմ։ Ըսածներս բնաւ չի լսեր, ոչ ալ կը հարցնէ, թէ սիրտդ ինչո՞ւ նեղուած է։ Թէեւ զիս sophisticated patient ( բանիմաց) անուանած է, բայց ինք միմիայն տարրալուծարանի արդիւնքներուն կը հաւատայ։
Ես ալ ամենայն հնազանդութեամբ ջանքս ի գործ կը դնեմ, ամիսներ ինքզինքս շատ մը ուտեստներէ կը զրկեմ, աւելի երկար կը քալեմ, բայց եկուր տես, որ միայն կշիռքս կ՚իջնէ, տաբատս վրայէս կը թափի, եւ ո՛չ քոլեսթերոլը, ո՛չ ալ շաքարը մազ մը կը նուազին: Միայն մէկ բանին կ՚ուրախանամ, որ տասը տարի առաջուան ունեցած հագուստներս կրնամ հագուիլ ու բնաւ նեղ չզգալ, առաւել անցեալին գնած հագուստներուս որակաւոր կերպասներն ու կարուածքը՝ այսօրուանները չունին։
Սա թռիչքն ալ կ՚երկարի՜ ու կ՚երկարի՜, կողքս նստողները օտարներ են եւ հետերնին կիսուելիք բան մը չունիմ, ո՛չ ազգութիւն, ո՛չ լեզու, ո՛չ հայրենիք…։
-Սիլվա՛, ջանս, մի՛ դժգոհիր. այսօր նոյն ազգութիւնն ու լեզուն ունեցողները զիրար չեն հասկնար ու իրարու միս կը փետտեն։ Դժբախտաբար անհամերաշխութեան, իրարամերժութեան, «գլուխ կոտրուկի» ա՛մէնէն լաւ օրինակը մենք ենք։
Ով ի՞նչ կ՚ուզէ, թող ըսէ՛, բայց ես կը հաստատեմ, որ առանձին ճամբորդելը շատ հաճելի բան մը չէ: Անցեալին կողակիցիդ հետ կը խօսէիր, պատառիդ հետ գաւաթ մը գինի կը խմէիր, պարզ բլասթիք գաւաթով «չին- չին» մը կ՚ընէիր եւ պարզ ուտեստն անգամ հինգ աստղանի պանդոկին մատուցածին կը համապատասխանէր: Այսօր գինիէն կը խուսափիս ու հազար ու մէկ հաշիւ կ՚ընես:
-Սիլվա՛, գլխապտոյտդ արգիլող դեղ առած ես, Ի՞նչ կ՚ընես, եթէ յանկարծ դեղը ալքոհոլին հետ կողմնակի ազդեցութիւն( side effect) պատճառէ եւ գլուխդ «բռնէ»: Ո՞վ քեզի հոգ պիտի տանի…։ Մոռցի՛ր գինի- մինի. կարեւորը ապահով տեղդ հասի՛ր: Յետոյ գինին ալ աւելորդ ջերմուժ է:
Մենախօսութիւնը առօրեայէս մաս մը դարձած է: Կարծես, թէ անցեալէս որդեգրուած սովորութիւն մըն է: Կը յիշեմ մեր Պաքալորիայի ծրագիրին մէջ պարտադիր գոց սորվելիք հատուածներ ունէինք՝ Շէյքսփիրին երկերու հերոսներուն արտասանած մենախօսութիւններէն: Թէեւ յետագային գոց սորվիլն ու նոյնութեամբ վերարտադրելը անհեթեթ ու սխալ նկատուեցաւ, բայց ես կը հաւատամ, որ մենք թութակաբար չկրկնեցինք այդ մենախօսութիւնները, այլ՝ խօսքերուն մէջ դրինք մեր հոգին, ճշգրիտ առոգանութիւնը, իմաստը մեկնաբանելու եւ դիմացինին հասկնալի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Արդէն երկար ճամբայ կտրած ենք, թէեւ ձեռքի ժամացոյցս Լոս Անճըլըսի ժամով կէս գիշեր ցոյց կու տայ, բայց երկրագունդին երկրորդ կէսին մէջ արդէն նախաճաշի ժամ է։ Յանկարծ ականջիս կը հնչէ երգի մը բառերը. «Կե՛ր, խմի՛ քէֆ արա՛, ազիզ ջան, աշխարհը խալու է ոտիդ տակ»: Կողքս նստած երիտասարդին կը յարմարին այս երգին բառերը, կ՚ուտէ, կը խմէ, կ՚ուրախանայ, իսկ օդանաւն ալ շարժուն խալըյին դերը կը կատարէ, թէեւ այսօր ան բնաւ չթրթռաց. զարմանալիօրէն turbulence չկար:
-Սիլվա՛ ի՜նչ լաւ է քանի մը տող գրելովդ ժամանակը բաւական առաջ թռեր է եւ ժամ մը ետք օդանաւը իր տասներեք ժամնոց թռիչքը կ՚աւարտէ: Իրաւ, որ գրիչը իր շատ մը առաւելութիւններուն կողքին ուշադրութիւնդ դրականօրէն կը շեղէ եւ ձանձրոյթ ըսուած բանէն զերծ կը պահէ:
հաճելի զգացում է օդին մէջ ըլլալը. ոչ մէկուն պատկանող վայրի մը մէջ գտնուիլը, առանց միջավայրիդ յարմարելու պարտադրանքին, այլոց լուսարձակէն հեռու, այլ՝ ինքնամփոփ քու անձիդ մէջ եւ խոհերուդ հետ: Միտքդ հազար տեղ կը պտըտի, բազմաթիւ յիշատակներ կը զարթնին, կը վերապրիս տարբեր տարիքներ, կ՚այցելես այլազան վայրեր, կը հանդիպիս անհատներու, որոնք անցեալին, լաւ կամ վատ, ազդեցութիւն ունէին վրադ, իսկ հիմա պարագան այլ է: Ի՜նչ լաւ է մեծնալը…։
-Սիլվա՛, չհասկցայ քեզի. պահ մը երիտասարդութիւնը կը գովերգես, պահ մըն ալ մեծնալը առաւելութիւն կը սեպես: Հաւանաբար երիտասարդութեան պարգեւած աշխուժութեան, առողջութեան, իսկ մեծնալուն հասունութեան կ՚ակնարկես: Պահ մը յիշեցի Ֆրանսացի Հէնրի Էսթյէնի խօսքը .«Եթէ երիտասարդութիւնը իմանար եւ ծերութիւնը կարենար»:
Վերջերս ցանկութիւն մը ունէի նոր տարին՝ 2026- ը, օդին մէջ դիմաւորելու: Չեմ գիտեր այդ միտքը ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ, բայց չկրցայ ուզած թուականիս յարմարող տոմս մը գտնել:
-Հոգ չէ՛, Սիլվա, եթէ Աստուած քեզի կեանք տայ գալիք տարիներուն փափաքդ կ՚իրականանայ: Կարեւորը միշտ բան մը ունենաս՝ յուսալու, երազելու, սպասելու։ Վերջ ի վերջոյ ամէնէն դոյզն կարծուած ցանկութիւնն անգամ մղիչ ոյժ կը դառնայ առաջ նայելու, խանդավառուելու եւ գոյատեւելու: Վա՛յ թէ այդ մղիչ շարժակը յանգի...:
Լայն ժպիտ մը կը գծուի դէմքիս վրայ: Ի՜նչ լաւ է, որ Սիլվան ցանկութիւնս շատ լուրջի առաւ եւ չըսաւ՝ այդ ի՞նչ տարօրինակ ցանկութիւն մըն է, խելքիդ ո՞ր հովը փչեր է:
Օ՜հ, արդէն մեր խօսնակը անփորձանք վայրէջքին համար նստարանին գօտիները ամրացնել կը պատուիրէ: Խոհերս «ծալելով» մէկդի կը դնեմ, կը զգաստանամ, շիփ- շիտակ կը նստիմ, կը գօտեպնդուիմ եւ յաջորդ թռիչքով տուն հասնելու երազս կը փայփայեմ։ Օդանաւին անիւները թըռըխկ կը համբուրեն գետինը, մինչ միտքիս ու սիրտիս մէջ հազար ու մէկ ալիքներ կը թաւալին...:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան