image

Մելգոնեանցիները Պիտի Նշեն Վարժարանի Հիմնադրութեան 90-Ամեակը

Մելգոնեանցիները Պիտի Նշեն  Վարժարանի Հիմնադրութեան  90-Ամեակը

 Գալիֆորնիոյ մէջ պիտի նշուի  Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի   90-ամեակը: Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ   Գալիֆորնիոյ  «Մելգոնեան Վարժարանի   Սանուց Միութեան» Գալիֆորնիոյ մասնաճիւղի    մօտիկ  կանգնող  աղբիւրէ մը:  Ըստ մեր տուեալներուն հանդիսութիւնը պիտի կայացուի յառաջիկայ  Կիրակի   17  Յունուարին  Փասատէնայի   Հայ Առաքելական   Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ մէջ: Տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան  պաշտօն, որուն  աւարտին  ներկաները մասնակից պիտի ըլլան յաւուր պատշաճի հանդիսութիւն մը ոգեկոչելու համար  Մելգոնեան վարժարանի   Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու յիշատակը եւ նշելու    վարժարանի հիմնադրման 90-րդ տարեդարձը:  Նշենք, որ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան  հովանաւորութեամբ       գործող   Նիկիսոյ Մելգոնեան  վարժարանը   աշակերտութեան առջեւ իր  դռները  փակած էր Յունիս 2005-ին: