image

«Մեղքին յաղթող Խաչը, սիրոյ վկայութիւնն է».Նիւ Եորքի մէջ բարձրացուեցաւ Սուրբ Վարդան Տաճարի վերանորոգուած Խաչը

 «Մեղքին յաղթող  Խաչը, սիրոյ վկայութիւնն է».Նիւ Եորքի մէջ  բարձրացուեցաւ  Սուրբ Վարդան Տաճարի վերանորոգուած  Խաչը

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի  Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարի  խաչը  օրերս վերանորոգուելով վերականգնուեցաւ։ Այս առթիւ Թեմակալ   

Առաջնորդ՝ Գերշ.  Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան տուաւ քարոզ մը՝ «Խաչը բարձրացնել» խորագիրով։ 

 Սրբազան Հայրը  այս առթիւ  կատարած է  սրտառուչ  գրառում մը կատարած է     դիմատետրի  իր սեփական էջին, ուր մասնաւորապէս գրած է՝

«Երբ ես պատանի էի, ուխտաւոր մը, որ ուխտի համար Երուսաղէմ գացած էր, ինծի համար հետը բերաւ գեղեցիկ փայտեայ խաչ մը։ Ես զայն միշտ վիզիս շուրջ կը կրէի եւ իսկապէս կը սիրէի այդ խաչը: Բայց ժամանակի ընթացքին փայտը չորցաւ, ճաքեցաւ, եւ խաչը կոտրուեցաւ: Կը յիշեմ, որ գիշերը անկողինը պառկած էի, տխուր էի եւ մտահոգ, թէ ինչպէս զայն պիտի նորոգեմ: Փորձեցի սոսինձով եւ այլ միջոցներով զայն դարձեալ միացնել: Բայց չկարողացայ։ Ես կը զգայի, որ ինձմէ մասնիկ մը բացակայ է, մինչեւ որ վերջապէս զայն փոխարինող այլ խաչ մը ունեցայ:

 Սիրելիներ, , պէտք է խոստովանիմ, որ նոյն զգացողութիւնը ունեցայ 4 ամիս առաջ, երբ ինծի ըսին, որ մեր Սուրբ Վարդան տաճարի խաչը վար առած են։ Սկսայ մտահոգուիլ եւ մտածել. «Մենք պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ վերականգնենք այդ խաչը»։ Ինծի կը թուէր, թէ շատ կարեւոր բան կը բացակայի իմ կեանքէս՝ մեր բոլորիս կեանքէն, որպէս եկեղեցի:

Այսօր, մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստծոյ, որ կրցանք այդ բացը լեցնել մեր կեանքին մէջ, եւ խաչը վերականգնեցինք իր արժանի տեղը: Սակայն վերականգնման եւ նորոգութեան այս գործընթացը միայն ֆիզիքական առարկայի մասին չէ, այլ նաեւ փոխաբերական իմաստով, մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան եւ Աստծոյ անվերապահ սիրոյ մասին կը խօսի:

Երբ մենք կը նայինք խաչին, կը յիշենք երբեւէ պատմուած ամենամեծ սիրոյ պատմութիւնը: Խաչի միջոցաւ Աստուծոյ սէրը դրսեւորուեցաւ ամենաարտասովոր ձեւով: Յովհաննու 3.16-ը կ՚ըսէ. «Վասնզի Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ան ով որ  անոր  կը  հաւատայ, չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ»: Խաչը այդ սիրոյ վկայութիւնն է. այնքան խոր սէր, այնքան լայն եւ այնքան երկար, որ յաղթեց մեղքին եւ մահուան:

Կոտրուածութեան եւ յուսահատութեան պահերուն, մենք կրնանք չորցած եւ փշրուած զգալ: Մենք կը փորձենք շտկել մեր կեանքը ժամանակաւոր նորոգութիւններով, բայց յաճախ կը տեսնենք, որ միայն Բարձրեալը  կրնայ իրապէս վերականգնել մեզ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս խաչը իր տեղը կը վերադարձուի Մայր տաճարի վերեւը, մենք նոյնպէս կրնանք   բազմիմաստ առողջութիւն եւ ամբողջականութիւն գտնել Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքի միջոցով:

Երբ մենք այսօր կը վերականգնենք խաչը, թող այն ծառայէ որպէս յիշեցում, որ որքան ալ մենք մեզ կոտրուած զգանք, Աստծոյ շնորհքը բաւարար է մեզ բուժելու եւ նորոգելու համար»։