26 մայիսին ժամը 19:00-ին, մարտական դիրքեր սնունդ մատակարարող ՀՀ Զինուած ուժերու 2 զինծառայողի հետ կապն ընդհատուած է: Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Ընթանում են որոնողական աշխատանքներ` զինծառայողներին յայտնաբերելու ուղղութեամբ:
Քննւում է նաեւ դեռեւս չպարզուած հանգամանքներում ադրբեջանական կողմում յայտնուելու հնարաւոր վարկածը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի վաղ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներով տարածուող տեղեկութիւններն այն մասին, թէ իբր սահմանագօտիի հարաւարեւելեան հատուածին հայկական կողմը ներթափանցման փորձ կատարած է, բացարձակ սուտ է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան:
ՀՀ ՊՆ-ի այս հաղորդագրութենէն առաջ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տարածած էին տեղեկութիւններ, թէ «Զանգելանի ուղղութեամբ կանխուած է հայկական խումբի ներթափանցում, կայ երկու ձերբակալուած»: