Մէկ Տարիէն աւելի է, որ մարդկութիւնը կը տառապի «Քորոնա» ժահրի համավարակէն: Զանազան երկիրներ կրցան մշակել տարբեր պատուաստներ «Քովիտ 19»-ի դէմ, բայց տակաւին շատերու մօտ կասկածներ կան այդ պատուաստներուն ամբողջական օգտակարգութեան մասին:
«Ռուսական «Սփութնիք V» քորոնայի դէմ պատուաստը, մարդկութեան համար բարի լուր է», այսպէս նկարագրած է Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար՝ Ժոզէֆ Պորել, որ մասնաւորապէս ըսած է«Կը յուսամ, որ դեղերու Եւրոպական Գործակալութիւնը արտօնագրէ ռուսական այս պատուաստը»։
Միւս կողմէ՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Լաւրով յայտարարած է, որ իր երկիրը պատրաստ է համագործակցելու այս ծիրէն ներս արեւմտեան երկիրներուն հետ: Ան աւելցուցած է, թէ ներկայիս կապեր կը ստեղծէ նոյնիսկ Միացեալ նահանգներուն հետ, քննարկելու համար համատեղ աշխատելու կարելիութիւնները:
Իր հերթին, Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) նախագահ՝ Հանս Քլոկ «Ֆրանս Փրէս»-ին հետ զրոյցին ընթացքին, ընդգծած է,- «Պէտք է մրցակից ընկերութիւնները միաւորելով իրենց ջանքերը, աշխատին աւելիով արտադրել պատուաստները, որոնց այնքան կարիքը ունինք»: Նաեւ նոյն կազմակերպութեան Եւրոպայի մասնաճիւղի տնօրէնը շեշտած է Եւրոպայի ու պատուաստ արտադրող դեղերու ընկերութիւններու համագործակցութիւնը, արագացնելու պատուաստ սրսկելու գործընթացքը:
Իսկ այն հարցին թէ այս պատուաստները արդեօք արդիւնաւէտ են, վերջերս ձեւափոխուած ժահրին դէմ, Քլոկ մտահոգութիւն յայտնած է,- «Պէտք է պատրաստ ըլլանք դիմակայելու նոր խնդիրներ: Դաժան իրականութիւն է, որ Ժահրը տակաւին ինք կը վերահսկէ մարդուն»,- ըսած է ան, սակայն լաւատեսութեամբ շարունակած,- «Կը կարծեմ, որ փակուղին աւելի երկար կը թուի հիմա, քան Դեկտեմբերի վերջաւորութեան, բայց պիտի կարողանանք պարփակել համավարակը այս տարի»:
Մարդասիրական կոչով մը, ԱՀԿ-ն պայքարելու համար «պատուաստի ազգայնականութեան» դէմ, հիմնած է «Քովաքս»ը, որ կը խրախուսէ հարուստ երկիրները օժանդակելու աղքատ այն երկիրներուն, որոնք անկարող են ապահովել պատուաստները: Քլոկ անդրադարձած է, թէ կարգ մը հարուստ երկիրներ, պատուաստի իրենց կարիքէն շատ աւելին պատուիրած են, հետեւաբար կրնան կիսուիլ զանոնք ուրիշներու հետ:
Ի դէպ պէտք է պատուաստուի բնակչութեան 70%-ը հասնելու վարակի նկատմամբ հանրային դիմադրողականութեան: Այժմ աշխարհի մէջ շուրջ մէկ միլիոն պատուաստում եղած է, որմէ 65%-ը հարուստ երկիրներուն մէջ:
Մինչդեռ Շուէտն ու Դանիան կը մշակեն ելեկտրական «անձնագրեր» պատուաստ ստացողներուն համար, դիւրացնելու վերջիններուս ճամբորդութիւնը, կամ միջոցառումներու մասնակցութիւնը, Քլոկ յայտարարած է թէ այդպիսի «անձնագրի» մը գոյութիւնը կ'աւելցնէ մարդկային հասարակական անհաւասարութիւնը, ինչ որ ցանկալի չէ:
Նիւթը՝ alarabiya.net-էն