Եկէք Հայաստանին կենացը խմենք։
Ամէն անգամ երբ շաբաթ օրը հասնի, կը մտածեմ թէ այ մարդ, ես այս ի՞նչ ապուշ բան ըրի... Աւելի ճիշդը երկու ապուշ բան ըրի `
Առաջինը, որ «րեժիմ» ընելու սկսայ
Իսկ երկրորդը որ ազգային բժիշկ դարձայ...
Հիմա ամէն շաբաթ նոյն երկու հարցը կը դիմագրաւեմ` թէ այս կիրակի ի՞նչ պիտի ուտեմ եւ այս կիրակի ի՞նչ պիտի գրեմ...
Պիտի ըսէք ազգային բժիշկ, ել մանղալդ վարէ... Ըսենք թէ մանղալը վարեցի, վրան ի՞նչ պիտի խորվեմ... Միսին քիլօն գիտէ՞ք քանի է... Հաւին մէկ ոտքը միւսէն աւելի սուղ է , օղին ալ այնքան թանկ է որ... մէկ խօսքով Լիբանանը դժոխքի վերածուած է ` Կրակը կայ , վրան ոչ միս կայ, ոչ ալ օղի կայ...
Ի՞նչ ընենք, ձգենք երթանք աւելի լաւ երկի՞ր...
Ձգել երթալ ըսի պատմութիւն մը յիշեցի։ Մարդ մը աւելի լաւ երկիր կ'երթայ ու հոն շատ լաւ գործ մը կը գտնէ եւ ուրախութենէն ետ դարձի բոլոր կամուրջները կ'այրէ ... Դժբախտաբար սակայն գործին անիւը հակառակ կը դառնայ եւ այս մարդը այդ լաւ երկրին կը հայհոյէ եւ ուրիշ աւելի լաւ երկիր մը փնտռելու կ'երթայ... Չերկարելու համար մէկ անգամէն ըսեմ որ այդ երկրին մէջ ալ կը ձախողի ու այս մարդը մինչեւ հիմա հայհոյելով երկրէ երկիր կը թափառի...
Այո , կրնայ պատահիլ որ երկիր մը ծանր վիճակի մատնուի ու մարդիկ ստիպուին արտագաղթել ... Բայց երբ մարդ իր կեանքին մէջ ձախողութեան մատնուի կամ ուրիշ պատճառով մը արտագաղթել ստիպուի , իր արարքը արդարացնելու համար թող իր ապրած երկրին չհայհոյէ, մանաւանդ երբ այդ երկիրը պատերազմի մէջ է... Նոյնիսկ եթէ անոր ղեկին ապուշ մը նստած է, յատկապէս երբ այդ երկիրը Հայաստանն է ....
Թող ոչ ոք ըսածէս չնեղանայ... Յուսամ այդպիսի մարդ չկայ եւ իմ յիշողութիւնս է որ կը կաղայ ....
Յուսամ այս լսած պատմութիւնս ամբողջովին սխալ է բայց ամէն պարագայի ազգային նիւթս արդէն պատրաստ է ... Սպասեցէք գաւաթ մը լեցնեմ ու մանղալիս հարցերը լուծեմ...
Գաւաթ ըսի յիշեցի... Հայաստանէն հետս շիշ մը կոնյակ բերած եմ, եկէք միասին խմենք նախքան վերջանայ... Շուտ ըրէք, միայն եթէ կարելի է հետերնիդ կտոր մը միս բերէք, Մարիամ պաճիին ըսածին պէս ` շատոնց է չեմ կերած...
Չէ , չէ կատակ կ'ընեմ, վրաս մի վախնաք, ես ամէն օր միս կ'ուտեմ... Չէ՞ որ ես ալ հայ եմ ու ձեզի պէս ես ալ ամէն օր «իրարու» միս կ'ուտեմ։ Բան մըն ալ մի բերէք... եկէք միասին նախ դժուար կենաց մը խմենք ու այս դժոխք դարձած լիբանանին լաւ օրեր մաղթենք... Հիմակ ու հիմա տակաւին հոս եմ ։ Օր մը ես ալ երեւի պիտի ձգեմ երթամ աւելի լաւ երկիր բայց առանց հայհոյելու, առանց անիծելու իմ ծննդավայրը...
Պիտի երթամ աւելի լաւ երկիր մը ինչ ալ ըլլան անոր պայմանները, ով ալ ըլլայ անոր ղեկավարը ...
Ուրեմն եկէք այդ լաւ երկրին կենացը խմենք...
Եկէք Հայաստանին կենացը խմենք։