image

Սիտնիի մէջ. Մաքրուհի Քորթեանի պարգեւատրումը

Սիտնիի մէջ. Մաքրուհի Քորթեանի  պարգեւատրումը

Օրերս Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է վաստակաւոր համազգայնական եւ ՀՕՄ-ուհի Մաքրուհի Քորթեանի պարգեւատրումը՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանով, եւ անոր «Սերմնացան» գիրքին շնորհահանդէսը: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Համազգայինի տարածած պաշտօնական հաղորդագրութենէն, ուր մասնաւորապէս գրուծ է՝

8 Յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Աւստրալիոյ նորընտիր Շրջանային Վարչութեան, Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր համազգայնական եւ ՀՕՄ-ուհի Մաքրուհի Քորթեանի պարգեւատրումը եւ անոր «Սերմնացան» գիրքին շնորհահանդէսը:

Եկեղեցական հայրեր, աւանդական երեք կուսակցութեանց, հայկական զանազան կազմակերպութեանց եւ միութիւններու հրաւիրեալ ներկայացուցիչներ, համազգայնականներ, ՀՕՄ-ուհիներ եւ յոբելեարի ընտանիքի անդամներն ու բարեկամները փութացած էին սրահ իրենց յարգանքը մատուցելու յոբելեարին:

Հանդիսավարութիւնը կատարեց Շրջանային Վարչութեան ատենադպրուհի Վարդենի Խուտէցեան, որուն բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Գէորգ Վարդանեան, փոխանցելու համար Վարչութեան խօսքը: Կը մէջբերենք. «Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան համար մեծ ուրախութիւն է, շրջանիս Համազգայինի հիմնադրման վաթսուն ամեակի այս օրերուն, կազմակերպել հայ գրի ու գրականութեան սատարող «Սերմնացան» գրքի շնորհահանդէսը եւ արժեւորել անոր հեղինակ եւ Համազգայինի աշխատանքներուն անսակարկ աւելի քան կէս դար ծառայող Մաքրուհի Քորթեանը: Ըլլալով հայկական մշակոյթի եւ հայեցի ուսման ջատագով, ան ինքզինք միաձուլած է Համազգայինի առաքելութեան, նպատակներուն եւ ուսումնական քաղաքականութեան, անմոռանալի ծառայութիւններ մատուցած է Համազգայինին զանազան աշխատանքներով, մասնաւորապէս իբրեւ Համազգայինի միօրեայ վարժարաններու ուսումնական խորհուրդի անդամ: Այսօր, «Սերմնացան» գրքի շնորհահանդէսով եւ Համազգայինի շքանշանի տուչութեամբ, ան արդարօրէն կ’արժանանայ գնահատանքի»:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Նշան Պասմաճեան, ներկայացնելու եւ գրախօսականը կատարելու «Սերմնացան»ին: Ան վեր առաւ յոբելեարին գրական տաղանդը, հայերէնի հարուստ բառամթերքը, ածականներու առատութիւնը եւ անոնց տեղի՛ն գործածութիւնը: Ան անդրադարձաւ գիրքին մէջ հրատարակուած Մաքրուհի Քորթեանին անցեալին արտասանած դամբանականներուն, ուղարկած եւ ստացած նամակներուն (Ժագ Ս. Յակոբեան, Վահէ Օշական, Շահանդուխտ, Երջօ Սամուէլեան եւ այլք), ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի առնչուած գրութեանց, թղթակցութիւններուն: Անդրադառնալով Մաքրուհի Քորթեանի ներուժին եւ կարողութեանց, ինչպէս նաեւ ստեղծագործելու մթնոլորտի կարեւորութեան, Նշան Պասմաճեան կատարեց հետեւեալ հաստատումը. «Մաքրուհին մթնոլորտի մը մէ՛ջ գործող գրիչ է: Սիտնիի մէջ գործեց թիավարելով հոսանքին դէմ: Իր մթնոլորտը Պէյրութն էր: Այդպիսի մթնոլորտի մէջ ան կրնար կոկուիլ, կոփուիլ, գնահատուիլ բայց մանաւանդ՝ քննադատուիլ եւ... մեծնա՛լ: Ա՛յդ մթնոլորտը ինք երազեց, բայց երազը մնաց երազ... Տիկին Մաքրուհին տասնեակ հատորներու հեղինակ կրնար դառնալ եթէ ի՛ր մթնոլորտին մէջ ստեղծագործէր, գրողներու սերունդներ ալ կրնար հասցնել եթէ սերմանէր ի՛ր ածուին մէջ, իրե՛ն հարազատ ակօսներուն մէջ: Ասոր վկայութիւնը կու տայ նաեւ գրագիտուհի Շահանդուխտը  2005-ին իր ընկերուհիին՝ Մաքրուհիին գրած նամակին մէջ, ուր կը կարդանք. «Շնորհակալ եմ ջերմ զգացումներուդ, որոնք կը ջերմացնեն նաեւ սիրտս, յիշելով անցեալի այնքան պարզունակ, բայց ոգեշունչ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ  մեր ընկերային ու ազգային կեանքին...»:  Ապա Պասմաճեան անդրադարձաւ Մաքրուհի Քորթեանի մղձաւանջին ի տես Հայերէնի նահանջին եւ անոր մղած գրաւոր թէ բանաւոր պայքարին ի նպաստ Հայերէնին:

Բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Քորթեանի մտերիմ եւ գործակից Նորա Սեւակեան արտասանելու համար իր սրտի խօսքը: Ի միջի այլ խօսքերու, ան ըսաւ. «... Մայրերու Օրուան պատգամը փոխանցելու համար բեմ բարձրացաւ ընկերուհի մը: Առաջին քանի մը խօսքերը հազիւ  արտասանած, համակ ուշադրութիւնս գրաւեց եւ  այս հարուստ բառամթերքով, խիստ ինքնավստահ ոճով, մաքրամաքուր ու զուլալ հայերէնով ու մանաւանդ հայրենասիրական ու ազգային բարձր ոգիով տոգորուած պատգամաբեր  հայուհին...: Հիացած էի...: Այդ պահուն, ամբողջ էութեամբս սիրահարուեցայ գեղեցիկ ու քաղցրահնչիւն այդ հայերէնին, որ մեղրի պէս կը ծորէր այս իւրայատուկ անձնաւորութեան շրթներէն: Առաջին անգամն էր որ Աւստրալիա հաստատուելէս ի վեր նման տպաւորիչ խօսք ու պատգամ կը լսէի: ... Այդ օրը որոշեցի հետեւիլ ձեր բարի օրինակին սիրելի եւ իւրայատուկ  ընկհ. Քորթեան , արտայայտուիլ  եւ խօսիլ ձեզի նման, գործել , ծառայել ու առաջնորդել  ձեզի նման...»:

Որպէս վաղ գործակից, խօսք առաւ  Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Վերապատուելի Գրիգոր Եումուշաքեան: Ան բազում արժանիքներ գտաւ Քորթեանի անձին մէջ, որպէս հայուհի, հայ մայր, աշխատասէր անձ, բարեգործ եւ այլք: Ան տուաւ օրինակներ, որոնք կ'ապացուցէին ընկերուհիին ջանասիրութիւնը, սկզբունքի տէր անձ ըլլալու հանգամանքը եւ բարենպատակ աշխատանք տանող հայուհին:

Վերջապէս եկաւ ժամը պարգեւատրելու ընկերուհի Քորթեանը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հերոս Գրիգորեան արտասանեց հետեւեալը. «Սրտի անհուն ուրախութեան օր է այս օրը, որովհետեւ կը պարգեւատրենք Հայ դպրութեան եւ մշակոյթին աւելի քան յիսուն տարի ծառայած ընկերուհի մը, յանձին անխոնջ ՀՕՄ-ուհի, բազմավաստակ համազգայնական Մաքրուհի Քորթեանին:

Այս գաղութին մէջ չկայ անձնաւորութիւն մը, որ զինք չճանչնայ: Այսօր առողջական պայմանները չեն ներեր, սակայն դուք զինք պէտք էր որ տեսնէիք 1960-ական թուականներէն մինչեւ 2010-ականները: Ո՞ւր չէր ընկերուհին, Ուսումնական խորհուրդէն մինչեւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութիւն, Հայաստան համահայկական Հիմնադրամէն մինչեւ Համազգայինի գերագոյն ժողովներ, բարեսիրական բազում ծրագիրներ, յօդուածաշարքեր, դամբանականներ, գնահատագրեր, ցաւակցագրեր, թթղթակցութիւններ...: Այս էր այս անվհատ հայուհիին կեանքը: Ինչ որ կ'ընէր՝ հայաբոյր էր: Կ'արթննար ազգի ծառայութեան ծրագիրներով, կը քնանար ազգին ծառայողի գոհունակութեամբ:

 

Այսօր, այս պաշտօնականութեամբ, այս թիւով հաւաքուած ենք պատուելու այս աննման հայուհին՝ Մաքրուհի Քորթեանը, որ իր կատարած աւելի քան յիսուն տարուան մշակութային ու բարեսիրական աշխատանքին վկայութիւնը ամփոփած է այս հատորին մէջ, որ կը կոչուի Սերմնացան: Այդ սերմնացանը նոյն ինքն Մաքրուհին է, որ ցանեց եւ մենք հնձեցինք:

 

Յանուն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կը շնորհաւորեմ Ընկերուհի Մաքրուհին ըստ արժանւոյն գնահատուելուն առիթով եւ կ'ուզեմ այս շքանշանը անցընել իր լամբակին որպէս երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ»:

 

Մաքրուհի Քորթեան յուզուած, չկարողացաւ կարդալ իր շնորհակալութեան եւ սրտի խօսքը, զայն կարդաց Նորա Սեւակեան:

 

Իր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքերէն առաջ, ընկերուհի Քորթեան տուաւ հետեւեալ պատգամը. «Խօսքս պիտի ուղղեմ ձեզի՝ սիրելի հայ մայրեր եւ մեծ մայրեր, որպէս առաջին եւ վերջին դաստիարակները գալիք հայ սերունդներուն: Ձեր բնակարաններէն ներս խօսեցէք հայերէն, ձեր զաւակները սնուցէք հայերէն լեզուով եւ ձեր օճախը վառ պահեցէք հայկականութեամբ, որպէսզի վառ մնայ հայ լեզուն, հայ ազգը ու շարունակուի անոր գոյերթը, յատկապէս այս հայակուլ պայմաններուն մէջ: Այն սերմերը, զորս այսօր կը ցանէք սիրելի հայ մայրեր, վաղը պիտի դառնան ցորենի մէկական ոսկի հատիկ, եւ  հայկական ոգիով ու շունչով պիտի լեցնեն  հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու ապրող մեր համայնքը: Այս մտորումներով է որ «Սերմնացան» կոչեցի տարիներու ստեղծագործութիւններուս այս համեստ հատորը: Կեանքիս ընթացքին ամէն ջանք թափեցի, որպէսզի կարողանամ հայաբոյր սերմ մըն ալ ես ցանել սփիւռքի այս օտար հողին մէջ: Յոյսով եմ, որ այս հաւաքածոյէն դուք եւս կ'օգտուիք  եւ սերմեր կը ցանէք հայապահպանման պարարտ արտին մէջ»:

Սրբազան հայրը կատարեց փակման խօսքը: Ան անդրադարձաւ վերջին տասը տարիներուն Տիկին Քորթեանի հետ իր գործակցութեան: Դրուատեց անոր հայերէնին նկատմամբ տածած գուրգուրանքը եւ տարած հսկայական աշխատանքը յօգուտ Հայաստանի երկրաշարժի աղէտին արդիւնք՝ 450 Հայ որբերու, եւ Լիբանանի մէջ 150 կարիքաւոր աշակերտներու: Բարձր գնահատեց անոր յանդգնութիւնը քննադատելու որեւէ պարտուողական կեցուածք ի վնաս Հայ լեզուին, Հայ աշակերտին եւ Հայ դպրոցին: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Համազգայինի պարգեւատրումը յոբելեարին ողջութեան եւ մաղթեց որ այս դառնայ սովորութիւն:

Սրբազան հօր օրհնութեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում: Ներկաները ունեցան իրենց օրինակները, կատարելով սրտաբուխ նուիրատուութիւն, որոնց գումարը, Ընկերուհի Մաքրուհիի առաջարկով, յատկացուեցաւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան:

Անմոռանալի երեկոն աւարտեցաւ ճոխ հիւրասիրութեամբ: