Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, երկրին մէջ զանգուածային անկարգութիւններու լոյսին տակ, պիտի հանդիպի խորհրդարանի երկու պալատներու ղեկավարներու հետ:
Մաքրոն նաեւ պիտի հանդիպի երեքշաբթի բողոքի ցոյցերէն տուժած 220 բնակավայրերու եւ քաղաքներու քաղաքապետերու հետ, որու մասին յայտնած են անոր գրասենեակէն:
Նախագահը կիրակի պէտք է պետական այցով մեկնէր Գերմանիա, սակայն այցը չեղարկած է երկրի մէջ ճգնաժամի պատճառով:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ֆրանսայի մէջ անկարգութիւններու վեցերորդ գիշերը բերման ենթարկուած է 78 մարդ: Սա զգալիօրէն փոքր ցուցանիշ է նախորդ օրերու համեմատ։ Ֆրանսական լրատուամիջոցները յայտնած են Լիոնի մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներու մասին։ Խռովարարները քարեր նետած են իրաւապահներու ուղղութեամբ։ Ոստիկաններն արցունքաբեր կազ կիրառած են:
Նախօրէին հաղորդուած էր 719 բերման ենթարկուածի մասին:
30 Յունիսի գիշերը բերման ենթարկուած է աւելի քան 660 քաղաքացի։ Բերման ենթարկուածներու առնուազն մէկ երրորդը երիտասարդներ եւ անչափահասներ են։
Ամբողջ երկրին մէջ ցոյցերու ընթացքին թալանուած են խանութներ, հրկիզուած մեքենաներ՝ հակառակ ոստիկաններու մեծ թիւին․ Ֆրանսայի մէջ ցոյցերու ընթացքին անկարգութիւններ թոյլ չտալու համար տեղակայուած էր 40 հազար ոստիկան։
Ֆրանսայի մէջ զանգուածային անկարգութիւնները սկսած են այն բանէն ետք, երբ Փարիզի Նանթեր արուարձանին մէջ ոստիկանը կրակած ու սպանած է Mercedes մեքենայ վարող 17-ամեայ դեռահասը, որ հրաժարած է ենթարկուիլ իրաւապահներու պահանջներուն։ Դատարանը կրակողը կալանաւորելու որոշում կայացուցած է։