3 ապրիլին, հրապարակուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մարդկային իրաւանց յատուկ ընթացակարգերու հինգ մանտաթակիրներու կողմէ Ատրպէյճանի կառավարութեան ուղղուած դիմումը, ուր կոչ եղած է անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու՝ ապահովելու համար Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց փորձագէտները, մասնաւորապէս, նշած են, որ Լաչինի միջանցքը միակ ուղին է, որ կը կապէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին հետ եւ ունի խոշոր մարդասիրական նշանակութիւն։ Շրջափակումը խափանած է պարէնի, դեղորայքի, վառելիքի եւ այլ կենսական ապրանքներու առաքումը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 120.000 բնակչութեան։ Մարդասիրական իրավիճակը վատթարացած է կազի մատակարարման պարբերական ընդհատումներով, ինչ որ խաթարած է բժշկական հաստատութիւններու աշխատանքը, փակուած են կրթական հաստատութիւնները։
Յատուկ մանտաթակիրները խիստ մտահոգութիւն արտայայտած են, որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարի շարունակական արգելափակումը կրնայ ծանր մարդասիրական հետեւանքներ ունենալ բնակչութեան համար եւ խախտել անոնց իրաւունքները։