image

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է վճռական գործողութիւններ ձեռնարկէ Իսրայէլի դէմ. Իրանի ներկայացուցիչ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է վճռական գործողութիւններ ձեռնարկէ Իսրայէլի դէմ. Իրանի ներկայացուցիչ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին կազմակերպութեան մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Սաիտ Իրաւանին յայտնած է, որ Իսրայէլի յարձակման հետեւանքով 4 զինծառայողէն բացի նաեւ մէկ քաղաքացիական անձ զոհուած է։

Ան համոզմունք յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է յստակ դատապարտէ եւ վճռական գործողութիւններ ձեռնարկէ Իսրայէլի նկատմամբ՝ Իրանի դէմ յարձակումներու, Պաղեստինի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ շարունակուող գործողութիւններու համար:

Պաշտօնեան Միացեալ Նահանգները մեղադրած է երկակի չափանիշեր կիրառելու եւ Իսրայէլին աջակցելու համար: Իրաւանին նշած է նաեւ, որ իրավիճակի սրման պատասխանատւութիւնը կը կրէ Իսրայէլը:

Իրանցի պաշտօնեան նշած է, որ տարածաշրջանի երկիրները պէտք է գիտակցին խաղաղութեան պահպանման հարցով իրենց անհատական եւ հաւաքական պատասխանատւութիւնը:

Իրաւանիի խօսքով՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի համաձայն՝ Թեհրանը իրաւունք ունի պատասխանելու իր դէմ յարձակողական գործողութեան: