Այս տարի լրացաւ Գանատայի Հայոց Թեմի հիմնադրման 40-ամեակը։
Այս մասին վերահասու դարձանք Թեմի Առաջնորդարանին կողմէ «Արեւելք»ին ուղարկուած հաղորդագրութիւնէն։
Այս առթիւ ալ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի կողմէ հրապարակուած ուղերձը։
Աստուծոյ ողորմութեամբ 40 տարիներու գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը հոգեւոր վերելք մը հանդիսացաւ Գանատահայոց պատմութեան մէջ:
Թեմակալ առաջնորդներու եւ հոգեւոր հովիւներու ու ազգային ղեկավարութեան ներքոյ 40 տարիներ շարունակ Գանատահայութիւնը իր Թեմական Կառոյցով ու յարակից մարմիններու գործունէութեամբ աշխատեցաւ վառ պահել Լուսաւորիչի կանթեղի լոյսը հաւատացեալներուն սրտերուն մէջ: Երբեմն անցնելով փոթորիկներու մէջէն անփոփոխ պահած ենք ազգային նկարագիրն ու մշակութային արժէքները: Ամենավաւերական ժառանգութիւն մըն է որ փոխանցուած է մեր սերունդին գալիք բոլոր ժամանակներուն համար: Այդ ժառանգութեամբ է որ մեր Թեմի նոր սերունդը արժէք կը ներկայացնէ Գանատահայոց հորիզոնի վրայ:
Մեր Թեմի պատմութիւնը՝ պատմութիւնն է մարդկային ոգեկան եւ իմացական կարողութիւններու բացայայտման: Արժէք ստեղծելու հզօր մղումներէ դրդուած, մեր ազգի զաւակները՝ ի մասնաւորի գործակցաբար, հիմնադիրներ, անդրանիկ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Վազգէն Արքեպիսկոպոս Քէշիշեանը եւ թեմական խորհուրդի առաջին ատենապետ՝ Տոքթ. Արշաւիր Կէօնճեանը բարի կամքով ճառագայթուած անձեւ ու անկատար կառոյցին իմաստ ու վեհութիւն փոխանցեցին:
Անոնց գործակցութեան սպասումն էր որպէսզի մեր օրերու աշխարհին մէջ հզօրապէս հնչեցնեն պատգամը Մայր Հայրենիքի, պատգամը Ս. Էջմիածնի եւ հոգեւոր միասնութեան:
Մեր Թեմի պատմութեան խճանկարի մէջ, հաւատացելոց ազնիւ մասնակցութիւնը կը պսպղայ պայծառ ոսկեայ շողի նման, որ կը ծածանի սիրով եւ նուիրուածութեամբ մեր ընդհանուր առաքելութեանը հետ միաձուլուելով:
Ձեր հաստատակամ տեւական աջակցութիւնը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ մեր հաւատքի յաւերժական ճշմարտութիւններով լուսաւորելու սրտերը, կարեկցանքի ձեռք մեկնելու կարիքն ունեցողներուն եւ հաստատուն պահպանելու մեր Սուրբ աղօթավայրն ու համայնքային կեանքի աղբիւրը գալիք սերունդներուն համար:
Սրտի անհուն ուրախութեամբ, Գանատահայոց Թեմն այս տարի, շարք մը միջոցառումներով կը նշէ իր 40-ամեակը՝ առիթին ձօնուած յիշատակի գրքոյկի հրատարակութեամբ, ուխտագնացութեամբ դէպի Մայր Հայաստան, տարեկան ճաշկերոյթով եւայլն:
Այս հանդիսաւոր տարելիցի հանգրուանին սիրով եւ օրհնութեամբ Ձեզի կը բերենք մեր աղօթքն ու ողջոյնը հայցելով Աստուծոյ օգնականութիւնը, որպէսզի շարունակէք գործել Ձեր հայացքները սեւեռած յաւիտենական արժէքներուն:
Թող Ամենակարող Աստուած ըլլայ մեզի միշտ օգնական, եւ Սուրբ Լոյսի ճարագայթներով լուսաւորուին Ձեր օճախները:
Աղօթքով՝
Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի