Յետ յառաջացած տարիքին Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հանրայայտ դերասան «Ասհատ»ը։
86 տարեկան արուեստագէտը իր մասնակցութիւնը բերած է տասնեակ երիզներու, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր տեսաշարերու մէջ։
Վաղ 70-ականներուն, երբ հիմը կը դրուէր Լիբանանի պետական հեռուստաընկերութեան հրապարակ կ՚ելլէին ժողովրդային խաւերէն արուեստի ոլորտ հասնող անմիջական անուններ։
Այդ անուններու մէջ իր իւրայատուկ դերն ու տեղ կը գրաւէր դերասան «Ասհատ»ը (Բուն անունով ՝Ապտալլա Հոմսի)։
Թրիփոլիի մէջ հասակ առած դերասան երկու այլ տաղանդաւոր դէմքերու հետ երկար տարիներով կը մնար ուշադրութեան կեդրոն մարմնաւորելով անկեղծ եւ խաղերու մէջ զոհ գացող պարզ Լիբանանցիի կերպարը։
Կեանքի դասեր, փորձառութիւններ, չար ու բարիի «կռիւներ» այդ բոլորը կը ներկայացուէին գրաւելով հազարաւորներու սիրտը։
Դերասան «Ասհատ» կը դառնար մէկ այլ տաղանդաւոր անձնաւորութեան մը՝ Սալահ Թիզանիի («Ապու Սալիմ») գործընկերը ու անոնք միասին կը դառնային սիրուած ու փնտռուած դերսանաններ։
Լիբանանը կը բոլորէր իր ամենավառ օրերը, որուն կը յաջորդէր արիւնալի բախումներու եւ քաղաքացիական պատերազմի փուլը, ուր նոյնպէս այդ անուանի տաղանդաւորները կը փորձէին մեծ ճիգեր գործադրելով Լիբանանցիին հաւատացնելով, որ անպայման երկիրը դարձեալ պիտի վերադառնայ իր »ոսկեայ ժամանակներ»ու։
Այդ ժամանակները սակայն կը դառնային յուշ եւ երազանք, իսկ այսօրուան դրութեամբ Լիբանանի ապրած օրհասն ու «սեւ օր»ը կարծէք կու գար ամբողջացնելու մոխրագոյն երանգներով պատկերուող պարզ քաղաքացիի ամէնօրեայ «խաչելութիւն»ը։
Սպիտակ ժպիտի, կատակերգութեան եւ բարի վարքի կերպարով Ասհատ կը կարողանար գրաւել հազարաւորներու սրտերը ու անոր հեռացումով այսօր ամբողջ Լիբանանը ու յատկապէս իր արուեստին ծանօթները կը սգան անոր կորուստը։
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի