Առկայ բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելով եւ հեղձուցիչ դարձած տնտեսական կացութեան ու արտաքին ուժերու տիրական միջամտութեան իբրեւ հետեւանք, Միքաթիի կառավարութիւնը արդէն իրականութիւն է այսօր եւ իր աշխատանքային ծրագիրով կը ներկայանայ խորհրդարան` ստանալու համար անոր վստահութիւնը:
Վստահութեան քուէի ապահովումէն ետք կառավարութիւնը անմիջապէս պիտի անցնի աշխատանքի` իր օրակարգին վրայ ունենալով կուտակուած առկախ հարցեր, գրեթէ ամլութեան մատնուած պետական վարչամեքենան վերաշխուժացնելու մարտահրաւէր, տնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու անմիջական ու երկարաժամկէտ ծրագիրներ եւ ամէնէն կարեւորը` 8 մայիսին յայտարարուած երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպում: Այս բոլորին մէջ անշուշտ կառավարութիւնը պիտի փորձէ նաեւ ապահովել արտաքին զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն Լիբանանի տնտեսական գահավէժ ընթացքի կասեցման համար: Այս գործօնը անշուշտ բնական է, որ ստեղծէ շատ մը օրակարգերու գծով պրկուած քաղաքական իրավիճակ` տրուած ըլլալով, որ այդ արտաքին պայմանաւորուած աջակցութիւնը` Միջազգային դրամատան ֆոնտի եւ այլ աղբիւրներու ճամբով, ծանր պարտաւորութեանց տակ պիտի դնէ Լիբանանի պետական եւ դրամատնային ամբողջ համակարգը:
Այս բոլորին մէջ ակներեւ է այն իրողութիւնը, որ հակառակ որոշ կողմերու կառավարութեան կազմութեան նկատմամբ դրսեւորած մեղմ ու խաբուսիկ վերապահութիւններուն եւ դժգոհութիւններուն, ժողովրդային ընդվզումի եւ ցասումի հաւանականութիւնը մեծաւ մասամբ կը պակսի, եւ աւելին` կը տիրէ սպասողական վիճակ` ճգնաժամէն դուրս գալու իրատեսական ակնկալութեամբ:
Այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորը սակայն այն է, որ արդէն քաղաքական բոլոր կողմերը կառավարութեան կազմութեամբ կը տեսնեն ազդանշանը երեսփոխանական նախընտրական աշխատանքներու մեկնարկին եւ ընտրական մեքենաներու լարումին:
Ներկայ պահու դրութեամբ թերեւս տակաւին կանուխ է կանխատեսումներ կատարել, սակայն յստակ է, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները շատ մը տուեալներու եւ հանգամանքներու պատճառով պիտի տարբերին նախորդներէն: Անցնող երկու տարիներուն երկրին ապրած ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը, շրջանին մէջ արձանագրուած քաղաքական անցուդարձերն ու վերիվայրումները, շրջանի երկիրներու ծաւալած միջազգային յարաբերութիւնները, ստեղծուած նոր հաւասարակշռութիւնները, լռելեայն սակարկութիւններն ու համաձայնութիւնները, եւ վերջապէս` ներլիբանանեան առումով անցնող երկու տարիներուն ժողովրդային ցասումին ապրած հոլովոյթը, բնականաբար իրենց անդրադարձը պիտի ունենան ընտրական ընդհանուր գործընթացին եւ ժողովրդային մասնակցութեան տարողութեան վրայ:
Այս բոլորը նկատի պէտք է ունենանք իբրեւ նախաբան եւ անշուշտ մտահան չընենք այն իրողութիւնը, որ ներկայ ընտրական օրէնքի, (որուն հիման վրայ կայացան 2018-ի ընտրութիւնները) փորձարկումի փուլը անցած է արդէն: Կրնայ պատահիլ, որ այս ընտրական օրէնքը ենթարկուի փոքր թեքնիք բարեփոխումներու, բայց ընդհանուրին մէջ պիտի մնայ նոյնը եւ բոլոր կողմերը անցեալի իրենց փորձառութենէն մեկնած պիտի փորձեն իրենց արձանագրած բացթողումներն ու սխալները սրբագրել` աւելի բաղձալի արդիւնքի հասնելու համար:
Կասկածէ վեր է, որ լիբանանահայ համայնքին համար ալ այս ընտրութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցի վերջին շրջանային ժողովը ի շարս այլ հրատապ օրակարգերու, հանգամանօրէն քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետ առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները եւ հաստատեց, որ այս ընտրութիւնները լիբանանահայ համայնքին համար, երկրին քաղաքական ընդհանուր դրուածքին մէջ իր ուրոյն եւ արժանավայել տեղն ու դերը պահելու ու նաեւ ուժեղացնելու անշրջանցելի առիթ է: Այս իմաստով անհրաժեշտ նկատուեցաւ լիբանանահայ համայնքի բաղկացուցիչ բոլոր շերտերուն հետ հարցերու եւ մտահոգութիւններու բաց քննարկումը` մի՛շտ մեկնելով համայնքային մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայական անհրաժեշտութենէն: Այս քննարկումներն ու մտածումները յառաջիկայ փուլերուն բնականաբար իրենց բիւրեղացումը պիտի ստանան, սակայն ներկայիս` երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստական այս փուլին, Կեդրոնական կոմիտէն եւ կոմիտէութիւնները սկսած են արդէն նախապատրաստական ծրագրուած ու համակարգուած աշխատանքի: