image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ. ՝Տօնածառի տեղադրում ծովուն յատակը

Լիբանանի մէջ. ՝Տօնածառի տեղադրում ծովուն յատակը

Լիբանանի քաղաքացիական պաշտպանութեան գլխաւոր տնօրէն, գնդապետ Ռէմոն Խաթթարի առաջնորդութեամբ, ծովային փրկարարական ստորաբաժանումի անդամները, Սուրբ Ծնունդի յատուկ միջոցառում մը կազմակերպեցին, ուրախութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու փորձով։

 

 Այս մասին «Արեւելք» կարդացած «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանի կայքէն։ 

 

Կաղանդ պապայի հագուստով սուզորդները յաջողեցան տօնածառը տեղադրել 

Ժունիէի նաւահանգիստի ծովուն յատակը՝ 30 մեթր խորութեամբ եւ զայն զարդարեցին անջրանցիկ լոյսերով։

 

Գնդապետ Ռէմոն Խաթթար այցելեց Ժունիէի ծովային փրկարարական ստորաբաժանման կեդրոնակայան, ուր զինք դիմաւորեցին, փրկարարներէն մէկուն կողմէ ջութակի վրայ կատարուած Սուրբ Ծննդեան երգերով։ Այնուհետեւ, բոլորը մասնակցեցան տօնածառի զարդարման եւ նաւով հասան որոշուած վայրը, ուր ականատես եղան, սուզորդներու կողմէ ծովուն յատակը տօնածառի տեղադրման գործընթացին: