Լիբանանի մէջ հացի նոր տագնապ մը կրնայ գոյանալ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Lebanon Files» կայքէն։
Աղբիւրը կը գրէ, որ յառաջիկայ փուլին չի բացառուիր, որ լիբանանցիք ականտես դառնան փուռերու առջեւ նոր հերթերու եւ այդ մէկը պայմանաւորուած է Լիբանանի ալիւրի պահեստներու նուազումին հետ։
Կը նշուի նաեւ Համաշխարհային Դրամատան կողմէ Լիբանանին տրամադրուած վարկը հասած է իր վերջին փուլին, որուն հետեւանքով ալ երկրին մէջ հացի նոր տագնապ մը կրնայ առաջանալ։ Կարգ մը աղբիւրներ կը խօսին նաեւ այն մասին, որ «ստեղծուելիք» եւ մասամբ «շինծու» տագնապը միտում ունի քաղաքացիները «վարժեցնել» հացի տրցակի նոր գնացուցակներուն։
Այս առումով ալ եւ ըստ շրջանառուող լուրերու հացի մէկ տրցակի գինը 45 հազարէն կրնայ հասնիլ 100 հազարի, բան մը որ թիրախ կը դարձնէ Լիբանանի անապահով խաւերը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Լիբանանը հարուածած տնտեսական սուր տագնապի նախօրէին հացի մէկ տրցակը կը վաճառուէր 1500 լիբանանեան ոսկիի։
Լիբանանը կը շարունակէ ապրիլ տնտեսական բաւականին բարդ պայմաններու տակ։