«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ կրթական գործիչ, Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական տնօրէն՝ Անի Ուրֆալեան Բագրատունեան:
-Անցնող երկու տարիները բաւական բարդ եղան Լիբանանի համար։ Մինչ անցեալին պատերազմական գործողութիւնները պատճառ կը դառնային, որ դասաւանդութիւնները առկախուին, այս օրերուն «Քովիտ» համավարակը ու նաեւ երկրին մէջ եղած բողոքի ցոյցերը խանգարեցին վարժարաններու բնականոն ընթացքը: Մէկ խօսքով դժուար տարի մը ապրեցան նաեւ լիբանանահայ վարժարանները։ Որպէս կրթական գործիչ եւ վարժարանի տնօրէն ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդհանուր վիճակը, եւ արդեօք կրթական տարեշրջանի աւարտին կարողացաք կրթական ծրագիրն իրականացնե՞լ։
Ձեր բոլոր նշածները անկասկած շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցան կրթական հաստատութիւններուն վրայ ալ, իբրեւ մէկ կարեւոր մասնիկը Լիբանանի ընկերութեան:
Արտօնեցէք սակայն, նախքան ուղղակի պատասխանի անցնիլը, ամփոփ ծանօթութիւն մը տամ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճին մասին: Մեր քոլէճը այս տարի բոլորեց իր 36-րդ տարին, իբրեւ քոլէճ եւ աւելի քան 60 տարի իբրեւ Ազգ. Մարտիկեան նախակրթարան (որ հաստատուած էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ): Քոլէճը ունի Մանկամսուրէն մինչեւ 12րդ դասարան (պաքալորիայի դասարան համազօր՝ համալսարանի freshman դասարանի): Մանկամսուր կ՛ընդունուին 6 ամսականէն սկսեալ երեխաներ: 9րդ դասարանն ալ կը պատրաստուի պետական քննութեան՝ Պրէօվէի: Քոլէճը ունի նաեւ օտարահպատակ աշակերտներու յատուկ «օտար ծրագիր»ի բաժին, ինչպէս նաեւ յատուկ պարագայ ունեցող աշակերտներու համար՝ բաժանմունք մը՝ մասնագէտ հոգեբաններու հսկողութեամբ:
Իր գործած 36 տարիներու ընթացքին քոլէճը, որ իբրեւ ազգային դպրոց կը վայելէ Լիբանանի թեմի ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը, արդարօրէն առաջնակարգ դիրք գրաւած է լիբանանեան եւ հայկական վարժարաններուն մէջ՝ պետական քննութիւններու մէջ արձանագրած իր յաջողութիւններով։
Գալով ձեր հարցումին,հակառակ այն բոլոր դժուարութիւններուն, որ ունեցանք 2019-2020 տարեշրջանին, նախ՝ լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու, ապա «քորոնա» համավարակին պատճառով, թէեւ անակնկալի մատնուած, սակայն անմիջապէս նախաձեռնեցինք առցանց դասերով իրագործել մեր կրթական ծրագիրը: Կարելի չէ ըսել որ դիւրին էր եւ կամ ամբողջական էր դասաւանդութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, անպատրաստ էինք, բարեբախտաբար մեր քոլէճը արդէն ունէր առցանց ծրագիր մը, որու միջոցով ծնողներուն կը փոխանցէինք շրջաբերականներ, յայտարարութիւններ եւ նիշեր: Նոյն ծրագրով յաջողեցանք դասեր ալ կատարել եւ որոշ բաց մը գոցել:
2020-2021 տարեշրջանը սկսանք շա՜տ աւելի լաւ պատրաստուած, նախ՝ որովհետեւ մեր ուսուցիչները (որոնք բոլորն ալ բարձրագոյն ուսման հետեւած, ու մանկավարժ մասնագէտներ են) ամրան շրջանին մասնագիտացան նաեւ առցանց դասընթացքներ պատրաստելու մէջ եւ կարելի է ըսել, որ բաւական դիւրասահ տարի մը բոլորեցինք, եթէ կարգ մը արհեստագիտական արգելքներ չըլլային՝ ինչպէս՝ ելեկտրականութեան ընդհատում, ցանցի խանգարում, ընտանիքներու մէջ համակարգիչ սարքերու պակաս, եւ այլն (սարքերու հարցը լուծուեցաւ, երբ կիսամեայէն ետք, «Կիւլպէնկեան հիմնարկ»ը քոլէճին «թապլէթ»ներ նուիրեց եւ տնօրէնութիւնն ալ զանոնք յանձնեց՝ սարքերու կարիք ունեցող ընտանիքներու,որոնք պիտի գործածուէին մինչեւ տարեվերջ):
Լիբանանի Կրթութեան նախարարը տարեկան ծրագիրը մասամբ կրճատեց, որ դիւրացուց զայն իրագործելը: Հոս պէտք է շեշտել նաեւ, որ ճիշդ դպրոցական օրերու նման աշակերտները՝ դասացուցակով՝ օրական 6 պահ դաս ըրին՝ դպրոցական տարազով նստելով համակարգիչին դիմաց եւ իւրաքանչիւր թերացումի համար ստանալով համապատասխան նկատողութիւն, որ ուղղակի կը հասնէր ծնողքին: Տարեսկիզբին մեր դժուարութիւնը աւելի ծնողներուն հետ էր, քան աշակերտներուն։ Ծնողներ վախնալով որ իրենց զաւակները չեն կրնար առանձին հետեւիլ առցանց դասերուն, անոնց կողքին նստած ձեւով մը իրենք կ՛ընէին դասերը, ուսուցիչները մատնելով տհաճ կացութեան: Ժամանակի ընթացքին այդ ալ յաղթահարեցինք (անշուշտ մեր փափաքով մանկապարտէզի ծնողները ներկայ կ՛ըլլան իրենց զաւակներու կողքին): Նաեւ աշակերտները, երբ ընդհանուր փակում չկար, երեք շաբաթը անգամ մը դպրոց ներկայանալով գրաւորներ եւ քննութիւններ կատարեցին եւ այս պարագան շատ կարեւոր էր, որովհետեւ նախ՝ իբրեւ կրթական պատասխանատու մենք մեզ քննեցինք՝ գիտնալու համար որ առցանց դասերը որքանո՞վ մատչելի էին աշակերտներուն եւ համապատասխան յարմարեցումները կատարեցինք, երկրորդ՝ աշակերտները դպրոցին եւ ուսուցիչներուն կապեցինք եւ երրորդ՝ ունեցանք արդար նիշեր: Անշուշտ յարգելով առողջապահական բոլոր օրէնքները եւ հականեխելով աշակերտներն ու քոլէճը:
Տարուան բոլոր տօները առցանց ձեռնարկներով նշուեցան, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ եւ ապագայի համալսարանական ճիւղի ճիշդ ընտրութեան՝ արեւելումի բազմաթիւ առցանց հանդիպումներ կազմակերպուեցան:
-Ընդհանուր առմամբ մեծ հարցումներ կան կապուած Լիբանանի կրթական ոլորտին։ Այս առումով ի՞նչ են հայկական վարժարանին դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։
Լիբանանի կրթական ոլորտին գլխաւոր եւ ընդհանրական դժուարութիւնը կը կայանայ իր կրթական ծրագրին մէջ, որ շատ խճողուած եւ հնաբոյր է, կը կարօտի անյապաղ վերատեսութեան եւ այժմէականացումի: Երկրորդ գլխաւոր հարցը՝ գիրքերու հարցն է, որոնք նոյնքան հին, ոչ այժմէական են եւ չեն գոհացներ 21-րդ դարու կարիքները: Երրորդ եւ ինծի համար ամենակարեւոր հարցը այն է, որ խճողուած ու ծանր կրթական ծրագիրը պատճառ կը դառնայ որ յաճախ աշակերտներ չկարենալով քայլ պահել այդ անարդար ծրագրին հետ, կը լքեն ուսումը եւ վաղահասօրէն կը նետուին գործի ասպարէզ: Այս պատանիներուն տարրական իրաւունքն է մինչեւ 18 տարեկան մնալ ուսանողական միջավայրի մէջ, ասոնք Լիբանանի եւ մեր ազգին ապագայ հայրերն ու մայրերն են:
Գալով լիբանանահայ վարժարաններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն՝ վերոյիշեալներէն բացի անշուշտ ունինք հայերէն լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ ամբողջական Հայաստանի աշխարհագրութեան դասագիրքերու հարց՝ այսօր աշակերտը, որ իր տրամադրութեան տակ ունի տարբեր լեզուներու պատկերազարդ, գունագեղ (խօսքս կը վերաբերի անգլերէն դասագիրքերուն) դասագիրքեր, պիտի չսիրէ իր հայերէնի դասագիրքերը: Կարգ մը նիւթեր նոյնիսկ գիրք չունին եւ ուսուցիչը իբրեւ թղթածրար կը պատրաստէ:
Երկրորդ մարտահրաւէրը՝ որ բազմանիւթ լիբանանեան կրթական ծրագրին կողքին՝ հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու պատրաստութիւնը աշակերտներէն կը պահանջէ յաւելեալ ժամեր։
Այս մարտահրաւէրները յաղթահարելու ծանր բեռը կը կրէ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչը, տնօրէնութեան կողքին եւ կրնանք վստահեցնել որ ցարդ յաջողած ենք:
Աւարտելու համար այս հարցումը պէտք է աւելցնել, որ կան պարագայական դժուարութիւններ, որոնք ծագեցան Լիբանանի տնտեսական, «քորոնա» համավարակի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքով: Անոնցմէ գլխաւորը քանդուած դպրոցներու վերանորոգութեան հարցն է, մեծ թիւով դպրոցներ (ներառեալ պետական դպրոցներ) առցանց դասաւանդումի կարելիութիւն եւ յարմարութիւն չունին,եւ կան անշուշտ ելեկտրականութեան եւ համացանցի հարցեր...
-Որպէս ոլորտի գործիչ, վստահօրէն բարձր կը գնահատէք հայկական վարժարանի դերն ու տեղը Լիբանանահայ իրականութեան մէջ. այդ դերը պիտի շարունակո՞ւի, մտահոգ է՞ք ապագայով։
Անկասկած որ բարձր կը գնահատեմ հայկական վարժարանի դերը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Աննկուն կամքով եւ անսասան հաւատքով՝ կեանքէս ցարդ նուիրած եմ 49 տարի սփիւռքի մէջ հասակ առած հազարաւոր աշակերտներու մէջ արթննցնելու՝ սէր, հպարտութիւն, կամք եւ յարատեւութիւն հայերէն լեզուի, պատմութեան եւ մշակութային արժէքներուն հանդէպ:
Անշուշտ ես առանձին չեմ եւ այս դերը պիտի շարունակուի, մտահոգ եմ սակայն այն փաղանգով՝ որ բազմաթիւ անընդունելի պատճառաբանութիւններով կը շարունակէ զաւակները ուղղել դէպի օտար դպրոցներ: Ես այդպիսիներուն կ՛ըսեմ «Աստուած ձեր զաւակը Հայ ստեղծեց, ինչպէ՞ս Աստուծոյ որոշումին դէմ կը գործէք»:
-Լիբանանի մէջ եւս կը հասնի հրաշալի նոր սերունդ, ի՞նչ են այդ սերունդէն ակնկալիքները, ու արդեօք նորահաս սերունդները տակաւին կը հաւատա՞ն Լիբանանի մէջ ուսումը շարունակելու ու ապա գործելու ընտրանքին։
Ճգնաժամերը միշտ ալ մեզ դրած են հաճելի անակնկալներու դիմաց, անցնող տարին ալ փաստեց, որ ունինք սքանչելի կերպով դաստիարակուած սերունդ , որ ամէն տեղ ներկայ էր՝ նուիրատուութիւն ըրաւ, նպաստ բաշխեց, հիւանդ փոխադրեց, վազեց Հայաստան օգնելու յարձակումի ենթարկուած իր հայրենիքին... Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ տեղ մը յաջողած ենք:
Քոլէճը Լիբանանի հանդէպ նոյն ձեւով հպարտութիւն եւ սէր կը զետեղէ մեր աշակերտներուն մէջ, իսկ շրջանաւարտներուն համար ալ հազար տեղ կը դիմենք, կրթաթոշակ ապահովելու համար, որպէսզի Լիբանանի մէջ ուսանելու կարելիութիւն ստեղծենք եւ անոնք չմտածեն գաղթելու մասին: Ցարդ այս տարուան շրջանաւարտներէն 95 տոկոսը ընդունուած է լիբանանեան համալսարաններ, անոնցմէ երկուքը նաեւ լիբանանէն դուրս համալսարաններ դիմած են եւ ընդունուած՝ թէեւ տակաւին չեն որոշած ճամբորդել:
-Վարժարաններու արդիականութիւնը այսօր դարձած է հիմնարար մօտեցում. Ձեր կարծիքով ինչքանո՞վ մօտ են հայկական վարժարանները արդիական ըլլալու հիմունքէն եւ ձեր կարծիքով ի՞նչ են արդիական ըլլալու արժէչափերը։
Ես կրնամ վստահօրէն ըսել, որ ազգային վարժարանները բոլորն ալ անխտիր արդիական շէնքերով եւ յարմար դասարաններով օժտուած են: Մեր քոլէճը արդէն դասարաններուն մէջ ունէր smart board-եր, անցնող տարի շնորհիւ ազնիւ բարերարներու կրցանք ամբողջութեամբ նորոգել եւ ներկել դպրոցը, միջազգային չափերով պասքէթի դաշտը նորոգուեցաւ: Արցախի պատերազմէն առաջ իսկ՝ հայ սքանչելի անհատ մը, գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր մեր քոլէճի բացօթեայ բեմին վրայ շինելու մեր ազգի Յաւերժութեան խորհրդանիշ՝ Արարատ լեռը եւ Արցախի խորհրդանիշ՝ Մամիկն ու Պապիկը, որոնց օրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա Հայրապետի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ եւ Թեմիս Առաջնորդ՝ Շահէ Արք.ի նախագահութեամբ՝ տեղի ունենալիք ձեռնարկի մը ընթացքին։ Աւարտին ըսեմ, որ ես վստահ եմ, որ այդ երկու յուշարձաններուն հովանիին տակ դաստիարակուող սերունդները իրենց հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ յաւերժօրէն պիտի պահեն Հայաստանն ու Արցախը։