image

Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը կ'ուշանայ. Ի՞նչ է պատճառը

Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը կ'ուշանայ. Ի՞նչ է պատճառը

3 շաբաթէ ի վեր լիբանանցիները կը սպասեն երկրի նոր կառավարութեան կազմութեան, որ խորհրդանշականօրէն պիտի դառնայ զօր. Աունի նախագահական պաշտօնավարութեան առաջին կառավարութիւնը: Մինչ առաջին օրերուն տեղի ունեցած հանդիպումները եւ շփումները ցոյց կու տային, որ կառավարութեան կազմութիւնը բաւական մօտալուտ է, այսօր արդէն յստակ է, որ նախագահ Աունի ու նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի համար բաւական բարդ պիտի ըլլայ նոր կառավարութիւն մը կազմելը: Խնդիրը անշուշտ կապ ունի երկրի երրորդ ուժ համարուող շիիթ համայնքի ղեկավարութեան կեցուածքներուն հետ: Երկրի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի, որ անպաշտօն կերպով կոչուած է շիիթներու անունով բանակցելու,       կը մնայ անզիջող իր կեցուածքներուն հանդէպ: Ան կը պահանջէ կարեւոր նախարարութիւններ ու բացի այդ աթոռներէն խնդիր դրած է, որ քրիստոնեայ երկրորդ հիմնական ուժ համարուող «Լիբանանեան ուժեր»ուն տրուելիք աթոռը «իր բաժնէն» պիտի չըլլայ, այլ անոր բաժնէն, որ իր բառերով «այդ կողմին խոստացաւ այդ աթոռը շնորհել»:Այստեղ սլաքները անշուշտ ուղղուած են վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որն Պըրիի կողմէ իր ուղղուած «պատգամները» կ'ընդունէր «բաց սրտով» ու վէճի բնոյթ ունեցող Պըրրի դիտարկումները կը տանէր «քաղաքական հաճոյախօսութեան» մակարդակի: 

Այս բոլորէն անդին բացորոշ է նաեւ, որ որոշ կողմերու համար արդէն իսկ ձեւաւորուած «քրիստոնէական նոր պլոք»ը սկսած է անհանգստութեան պատճառ դառնալ: Այսինքն Զօր. Աուն- Սամիր Ժաաժա դաշինքը, որն առաջին խթանն էր Աունի Պաապտայի նախագահական պալատ հասնելուն բնական անհանգստութիւն առաջացուցած է երրորդ կողմին համար, որուն հերթական յառաջապահը երկրի քաղաքական բոլոր հնոցներու վարպետ դերակատար համարուող Նէպիհ Պըրրին: Այս բոլորէն անդին պէտք է կարեւոր կէտ մը մատնանշել եւ այն ալ կը վերաբերի նախագահ Աունի լռութեան:

Աուն, որ յայտնի է իր անսպասելի ու մանաւանդ անզիջող մօտեցումներով լուռ է:

Լուռ է, որովհետեւ կը խուսափի ուղղակի բախումներէ:

Բայց յստակ է նաեւ, որ երկրի նախագահին այսքան երկար լռութիւնը կրնայ տարբեր մեկնաբանութիւններու դուռ բանալ:

Այս բոլորի կողքին բոլոր նախադրեալները յստակ կը դարձնեն, որ երկրի ղեկը ստանձնելու եկած քրիստոնեայ զօրավարը կը գտնուի ուժերու լարումի փուլի մը դիմաց ու յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան անոր «երկաթեայ կամք»ին տարբեր երեսակները:

Լիբանանը «քաղաքական դրախտ» մը պիտի չըլլայ Աունի համար ու ատոր դիմաց յստակ է նաեւ, որ երկիրը հեզասահ կերպով ղեկավարելու եւ առաջ տանելու առաջադրանքները կը յամենան մնալ ցանկութիւններու եւ իղձերու հին-նոր պարունակի մը մէջ: