Լիբանանցի քաղաքական ակնառու գործիչ Ժան Օպէյտ մահացած է «Քորոնա»ի հետեւանքով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։
1939 -ին Զղորթա գաւառին մերձ ծնած Ժան Օպէյտ հանրային կեանք մուտք գործած է որպէս լրագրող եւ կարճ ժամանակ մը ետք դարձած է արաբական աշխարհի մէջ հեղինակաւոր անուն։
Օպէյտ այդ օրերուն է նաեւ, որ բազմածիր կապեր հաստատած է արաբ շարք մը կարեւոր առաջնորդներու հետ, ինչպիսին են Եասէր Արաֆաթը, Սատտամ Հիւսէյնն ու Հաֆէզ Ալ Ասատը։
Աւելի ուշ, 1970-ականներուն ան կը մտնէ քաղաքական դաշտ` ընտրուելով երեսփոխան՝ լիբանանեան խորհրդարանին։
1990 -ականներուն գործակցած է վարչապետ Հարիրիին հետ, որու գլխաւորած դահլիճներուն մէջ ստանձնած է նախարարական պաշտօններ։
Oպէյտ հաւատացողն էր արաբական գիծին, իսկ Հարիրիի սպանութիւնը յաջորդող փուլին եւս ան հաւատացած է, որ Լիբանան պէտք է անխախտ պահէ Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները։
Լիբանանի առնուազն վերջին երեք նախագահներու ընտրութիւններու օրերուն Օպէյտի անունը շրջանառութեան մէջ դրուած է, որպէս հաւասակշռուած, արաբական գիծին հաւատացող եւ Սուրիոյ հանդէպ դրական կապեր ունեցող նախագահական թեկնածու, սակայն տարբեր հանգամանքներու բերումով ալ ան դուրս մնացած է ընտրական պայքարներէն։
Հայութեան հանդէպ դրական կեցուածքներ ունեցող Օպէյտ 81 տարեկան էր։