image

Լիբանանցի հանրաճանաչ դերասան՝ Միշէլ Թապէթ զոհ՝ «Քորոնա»ի

Լիբանանցի հանրաճանաչ դերասան՝ Միշէլ Թապէթ զոհ՝ «Քորոնա»ի

Լիբանանեան տրամայի ոսկեայ օրերու անուանի դերասաններէն՝ Միշէլ Թապէթ մահացած է «Քորոնա»ի հետեւանքով։

 

«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն քաղեց՝ լիբանանեան լրասփիռներէ։

 

 Թապէթ, որ կը համարուի «Թէլէվիզիոն լուպնան» պատկերասփիւռի պետական ալիքի առաջին սերունդի կարեւոր ներկայացուցիչներէն մին հանդէս եկած է  ամենատարբեր դերերով, եւ յատկապէս ճանչցուած է    տեսաշարերու մէջ իր ժխտական հերոսի, կամ վատ մարդու  դերով։

 

 Ճարտարութիւն եւ մեծ ունակութիւններ ունեցող դերասանը գործած է նաեւ Լիբանանի դերասաններու սենտիքայի շրջանակներուն մէջ ու ժամանակ մըն ալ դարձած է այդ սենտիքայի նախագահն ու ներկայացուցիչը։

 

 Թապէթի մասնակցութեամբ եղած կարեւորագոյն  տեսաշարերէն կարելի է յիշատակել՝ «Իպրահիմ էֆէնտի», «Տուար եա զաման» եւ «Ալ Թաղիյա» տեսաշարերը։

 Թապէթ 92  տարեկան էր։