Աղբիւրը կը նշէ, որ օրեր առաջ Ուասուֆ ենթարկուած է բարդ վիրահատութեան մը ու անոր կոկորդի վերին հատուածէն (ձայնալարերու բաժնէն) հեռացուցած են մսակոյտ մը։
Արաբական աշխարհի առաջատար երգիչներէն Լիբանանցի (Արմատներով Սուրիայէն) Ժորժ Ուասուֆ բարդ վիրաբուժութեան մը ենթարկուած է։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Էլ.Պի. Սի. Այ.» կայանէն։
Աղբիւրը կը նշէ, որ օրեր առաջ Ուասուֆ ենթարկուած է բարդ վիրահատութեան մը ու անոր կոկորդի վերին հատուածէն (ձայնալարերու բաժնէն) հեռացուցած են մսակոյտ մը։
Երգիչին վիճակը գնահատուած է կայուն եւ ան ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին ներքով ու նոյնիսկ կը պատրաստուի մեծ համերգի մը, որ պիտի կայանայ Յորդանանի մէջ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, Ժորժ Ուասուֆ այսօրուան դրութեամբ արաբական աշխարհի մեծագոյն երգիչներէն մին կը համարուի: Ան հրապարակած է հարիւրաւոր երգեր եւ զինք կոչած են «Էսթրատայի Սուլթան»:
Անոր երգելու ոճը, ձայնային ունակութիւնները եւ
անմիջականութիւնը զինք դարձուցած են հռչակաւոր աստղ, իսկ երգելաոճը
դարձած է իսկական երգի «դպրոց» ու նպաստած, որ հարիւրաւոր երգիչներ փորձեն հանդէս գալ ու երգել Ժորժ Ուասուֆի ոճով:
Համեստ ընտանիքէ սերած Ուասուֆ ծնած է 1961-ին՝ Հոմսի Քաֆրուն գիւղին մէջ: