image

Լիբանանահայ տարեցները ուշադրութեան կեդրոն. Տեղի ունեցած է տօնական խրախճանք

Լիբանանահայ տարեցները ուշադրութեան կեդրոն. Տեղի ունեցած է տօնական խրախճանք

 Լիբանանի մէջ տիրող ծանր պայմաններուն մասին բոլորս գիտենք։ Շատ լաւ գիտենք նաեւ, որ մեզի համար այդ սիրելի գաղութը կը շարունակէ իր երթը շնորհիւ այն կառոյցներուն, որոնք կը գործեն «Խաւարը անիծելու փոխարէն մոմ մը վառէ» սկզբունքով։ 

Այդ առումով կարեւոր դեր կը կատարէ Պէյրութի տարեց հայրենակիցներու՝ՔԱՀԼ կեդրոնը, որ օրերս ալ կազմակերպած է տօնական խրախճանք։

 Այս մասին իմացանք ՔԱՀԼ-ի տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի նուիրեալ անդամներէն՝ Տիկն. Շաքէ Հարպոյեան-Գարայեանէն, որ խմբագրութեանս տրամադրեց տեղի ունեցած ձեռնարկին մասին («Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած) թղթակցութիւնը։

Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան մամիկներն ու պապիկները վայելեցին Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի կազմակերպած Ամանորի եւ Ս. Ծունդի առիթով խրախճանք հաւաքոյթը: Հաստատութեան տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան բացումը կատարեց աղօթքով, շնորհակալութիւն յայտնելով առ Աստուած` Անոր տուած բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր բարերարներուն, որոնք սատարեցին այդ ձեռնարկի յաջողութեան: Տնօրէնը յատկապէս գնահատեց հաստատութեան անձնակազմին դերն ու անոնց անսակարկ հոգատարութիւնը` ի սպաս տարեցներուն:

 Սեղաններու շուրջ մամիկներն ու պապիկները միասնաբար ճաշեցին աւանդական ճիտապուրը, պտուղները, անուշեղէնները: Սրահին մէջ կը տիրէր ուրախ տօնական մթնոլորտ, զոր առաւել ճոխացուց գաղութիս սիրուած երգիչ Հրաչ Կայծակեանը, որ իր սիրայօժար ներկայութեամբ ու ճոխ երգերով խանդավառեց ներկաները: Մամիկներն ու պապիկները եւ բոլորը ծափով ու պարերով դիմաւորեցին Կաղանդ պապան, որ իր գալուստով առաւել ցնծութիւն ու խինդ տարածեց, ի մասնաւորի տարեցներուն համար: Ապա ներկաները, ներառեալ հաստատութեան բոլոր պաշտօնեաները, ստացան նուէրներ եւ կաղանդչէքի ծրարներ` տրամադրուած սոյն ձեռնարկին բարերարներուն կողմէ:

Բոլորին վարձքը կատա՛ր, մաղթելով, որ բոլորս կը շրջանցենք տիրող դժուարութիւնները ու նեղութիւնները եւ Նոր տարին կը դիմաւորենք նոր ակնկալիքներով ու յաջողութիւններով: