Լիբանանահայ երիտասարդ Օննիկ Սվաճեան (35 տարեկան), որ վերջերս հայրենադարձած ու հաստատուած էր Երեւանի մէջ զոհ գացած է ծանր արկածի (հանգուցեալը եղած էր մոթոսիքլէթի վրայ)։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Երեւանի աղբիւրէն, որ նաեւ հաղորդեց, որ արկածը տեղի ունեցած է Երեւանի Իսակովի պողոտային վրայ։
Նշենք, որ Պէյրութի մէջ ծնած Օննիկ Սվաճեան երկար ժամանակ եղած է անդամ ՀՄՄ-ի Ֆութպոլի միաւորին, եւ որպէս առաջնակարգ խաղացող հանդէս եկած է ՀՄՄ Պէյրութի գլխաւոր խումբին հետ։
Կեանքի պայմաններու բերումով ան գաղթած է Լիբանանէն, որոշ ժամանակ մը ապրած՝ Տուպայ, իսկ վերջին ամիսներուն ալ հայրենադարձած ու հաստատուած է Երեւան։
Ան որդին է լիբանանահայերու թատերական շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող Պօղոս Սվաճեանին (որ յայտնի է «Քլաշին Պօղոս» անունով։)
Լուսանկարը՝ «Շամշեան» կայքէն։